Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Հոկտեմբեր 18-20 տեղի ունեցաւ Հայաստանի շարժարուեստի աշխատողներուն առաջին (հիմնադիր) համագումարը: Օրակարգի առաջին հարցը եղած է զեկուցում հայկական շարժարուեստին մասին:

1923-ին հիմը դրուեցաւ «Հայկինօ» կազմակերպութեան: Առաջին ժապաւէնը՝ «Նամուս»ը համր էր: Անկէ ետք յաջորդաբար հրապարակ ելան՝ «Զարեն», «Չար ոգին», «Մեքսիքական տիպլոմատները», «Գրիգորը» եւ այլ ժապաւէններ: 1935-ին «Հայկինօ»ն հրապարակ հանեց իր առաջին խօսուն ժապաւէնը՝ «Պեպօ», յետոյ՝ «Դաւիթ Բէկ»ը եւ այլն: Իր հիմնադրութենէն ի վեր ընկերութիւնը հրապարակ հանած է վաթսունէ աւելի գեղարուեստական եւ քանի մը տասնեակ փաստանկար ժապաւէններ: Այս համառօտ զեկուցումէն ետք, զեկուցաբերը՝ Ա. Կեւորկով՝ անդրադարձած է շարժարուեստի զարգացման հետ կապ ունեցող խնդիրներուն՝ միաժամանակ մատնանշելով այն խոչընդոտները, որոնք արգելք կ՛ըլլան հայկական շարժարուեստին յառաջդիմութեան: Այսպէս, ըստ զեկուցաբերին, կը պակսին անհրաժեշտ սարքաւորումները, գոյութիւն չունին արուեստանքի (թեքնիք) յարմարութիւններ, որոնց պատճառով նկարահանումները կը կատարուին աննըպաստ պայմաններու տակ: «Առանձնապէս կրաւորական դիրք բռնած են գրողները, որոնք համարեա չեն մասնակցիր արուեստանոցին ստեղծագործական աշխատանքներուն»: Մտքերու փոխանակութեան ատեն քանի մը գրագէտներ խօսած են բեմադիրներուն եւ բեմագիրներուն յարաբերութիւններու հարցին մասին: Մատնանշած են, թէ «Հայֆիլմ»ը բաւարար չափով ուշադրութիւն չի դարձներ բեմադրութիւններուն որակին, ու այս պատճառով յաճախ հրապարակ կը հանուին անմշակ եւ խեղճ նիւթեր շօշափող ժապաւէններ: Ծանօթ դերասան Ա. Կոթիկեան խօսած է արտասահմանի հայութեան նուիրուած ժապաւէններ ստեղծելու անհրաժեշտութեան մասին: