Ամէն տեղ գիտնականները անձնատուր եղած են աննախընթաց մրցակցութեան մը, այնպէս որ, չափազանցութիւն պիտի չըլլայ ըսել, թէ արդէն ապագային մէջ կ՛ապրինք մասամբ մը:
Ամերիկացի եւ ռուս գիտնականներ կը պահանջեն, որ հիմակուընէ սկսի կեանքի եւ մարդկային գործունէութեան կարգ մը մարզերը ապագայ պայմաններուն յարմարցնելու քննութիւնը, որպէսզի 2000 թուականի մարդը 1962-ի մտածելակերպով չմնայ: Ամերիկացի մասնագէտներ կը հաւաստեն, թէ քսան տարուան ընթացքին իրենց հայրենակիցները ինքնաշարժի մայրուղիներուն վրայ պիտի երթեւեկեն պտուտակաւոր կառքերով, ղեկավարումի ինքնագործ դրութեամբ: Կառաշարերն ու նաւերը պիտի երթեւեկեն հիւլէական ուժով եւ օդային մեթրոները 200 ճամբորդ պիտի փոխադրեն ժամական 1200 քմ. արագութեամբ: Ասոնցմէ զատ, ամէն մէկ ամերիկացի պիտի ունենայ գրպանի ձայնասփիւռ-հեռախօս մը, որուն միջոցով պիտի կրնայ հաղորդակցիլ ոեւէ մէկուն հետ, ուր որ ալ գտնուի ան, բաւական է, որ գիտնայ անոր անձնական ալիքին երկարութիւնը: Այս երջանիկ ժամանակաշրջանի միջակորեար ամերիկացին հիմակուան շահած տարեկան 3500 տոլարին տեղ ութ հազար տոլար պիտի շահի: Աշխատանքի ժամերը զգալապէս պիտի պակսին եւ կեանքի տեւողութիւնը պիտի երկարի առողջական վիճակի ընդհանուր բարելաւման շնորհիւ: Խլիրդը եւ սրտի հիւանդութիւնները յաղթահարուած պիտի ըլլան վերջնականապէս, իսկ ուրիշ հիւանդութիւններ ալ բոլորովին չքացած պիտի ըլլան: Ռուսերը աստղամիջեան համեմատութիւններ տուին հրաշատեսիլ տիեզերքի մը: Անջրպետի մէջ արձանագրած իրենց յաջողութիւններով հպարտ՝ կը հաւաստեն, թէ մարդիկ իրենց արձակուրդը պիտի անցընեն լուսինին վրայ, ուր գոյութիւն պիտի ունենան շքեղաշուք պանդոկներ եւ կամ՝ պիտի շրջին Ծիր Կաթինի մէջ, որուն շողարձակումները օգտակար են մարդոց: Յատկապէս կեանքի հանգստաւէտ պայմաններով շահագրգռուող անգլիացիներուն համար զիրենք զբաղեցնող գլխաւոր հարցը օդն է եւ մասնաւորաբար՝ խոնաւութիւնը: Սակայն 2600 թուականին կերպընկալ թեթեւ նիւթէ հաստատուն եւ թափանցիկ կամար մը պիտի ծածկէ Լոնտոնը եւ թոյլ պիտի չտայ, որ անձրեւն ու մառախուղը ազատօրէն մուտք գործեն քաղաքին մէջ: Նամակները հրթիռներով պիտի ղրկուին Աւստրալիա եւ պատասխանը պիտի ստացուի նոյն օրը: