Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Պոլսոյ թրքական թերթերը (11-12 Սեպտեմբերին) դարձեալ կ՛արծարծեն հայոց պատրիարքին եւ պոլսահայ պատուիրակութեան Էջմիածին երթալու լուրը եւ կու տան զանազան մանրամասնութիւններ եւ սխալ մեկնաբանութիւններ:

«Միլլիյէթ» «1600 հայեր դիմում կատարած են Ռուսիա երթալու համար, սակայն կառավարութիւնը մերժած է արտօնութիւն տալ» խորագրին տակ կը հրատարակէ Անգլիայէն ղրկուած հետեւեալ հեռագիրը.- Արտօնութիւն չտրուեցաւ այն 1600 հայերուն, որոնք Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք հանդիսութեանց մասնակցելու արտօնութիւն խնդրեր էին: Հայ հայրենակիցներ, շրջան մը առաջ, կրօնական արարողութիւններու մասնակցելու նպատակով դիմում կատարեր էին ներքին գործոց նախարարութեան, որ այս փափաքները դրական կերպով չէ դիմաւորուած, նախարարութեան խորհրդականը պատասխանելով նման հարցումի մը՝ «հրաման չտրուեցաւ» ըսելով բաւականացած եւ որեւէ լուսաբանութիւն չէ տուած: «Մարմարա» հրատարակելէ ետք վերի հեռագիրը հետեւեալ ճշտումը կը կատարէ.- Թիւրիմացութիւն պէտք է գտնուի 1600 հայերու դիմումի հարցին մէջ: Որքան գիտենք, պատրիարք հօր պատգամաւորութեան համար արտօնութիւն խնդրուած էր միայն 7 հոգիի համար: Իսկ անկէ դուրս 100 հոգիի համար միայն դիմում կատարուած էր ճամբորդական գործակալութեան մը կողմէ: Հետեւաբար «Միլլիյէթ»-ի ներկայացուցած 1600 թիւը չենք կարծեր, որ իրականութեան արտայայտութիւնը ըլլայ:

Հրազդանի ձախ ափին, մինչեւ այսօր ալ տեղ-տեղ կ'երեւին Երեւանի հին բերդին մնացորդները եւ անոնց քով տարիներու ընթացքին շինուած Սարտար Խանի հայելազարդ  պալատը, կանանոցը, մզկիթներ, զօրանոցներ եւ այլ շինութիւններ։ Երեւանի բերդը տեսած եւ նկարագրած են օտար բազմաթիւ ճամբորդներ, սակայն, անոնցմէ ոչ մէկը յաջողած է նկարագրել Խ. Աբովեանի նման ճիշդ եւ պատուաւոր։