Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Ֆրանսահայ Կապոյտ Խաչը, տարիներ շարունակ, մանուկներու օդափոխութեան կայան մը ունենալու գաղափարին կառչած, պրպըտումներ կատարած էր մինչեւ որ ի վերջոյ կրցաւ հաստատուիլ Պելֆոնթէն։

Իսկապէս օգտակար ձեռնարկ մը, որ տարուէ տարի յաջողութեամբ կը պսակուի եւ արդէն հանրածանօթ է դարձած ու համբաւ ստեղծած իր շուրջ, ամբողջ նահանգին մէջ։ Սրտի անհուն գոհունակութեամբ  կրնանք ըսել թէ կայանը, միակն է իր տեսակին մէջ բաղդատմամբ նոյն շրջանին մէջ գոյութիւն ունեցող ուրիշ կայաններու, սնունդի, մաքրութեան, կանոնաւորութեան եւ շէնքի տեսակէտով։ Եւ այս՝ հակառակ գոյութիւն ունեցող կարգ մը փոքրիկ թերութիւններու, որոնք Կապոյտ Խաչի աչքէն չեն վրիպած եւ որոնց դարմանը պիտի գտնէ։ Այս պատիւը կ'երթայ անշուշտ նախ՝ Կապոյտ Խաչին, յետոյ անոր միջոցաւ ամբողջ հայ ժողովուրդին ու հպարտութեամբ կը լեցնէ ազգասէր ամէն հայու հոգին։ Կալուածը ունի 10.070 քառ. մեթր տարածութիւն։ Նախկին փլատակ ագարակ մըն էր շէնքը, որ աստիճանաբար կը վերանորոգուի պետական պահանջներու եւ արդիական որոշ ծրագրի մը հիման վրայ։ Հայ ժողովուրդի հաստատութիւններու նիւթական օժանդակութեան շնորհիւ, Կապոյտ Խաչը յաջողած է գեղեցիկ գործ մը մէջտեղ բերել ու պիտի յաջողի բոլորովին կատարելութեան հասցնել զայն մօտաւոր ապագային։ Ամէն տարի 25 հոգինոց անձնակազմ մը, հոգ կը տանի երեխաներուն հանգըստութեան, սնունդին, առողջապահութեան, մաքրութեան, կազդուրման եւ հայեցի դաստիարակութեան։ Կապոյտ Խաչի Կեդր. վարչութեան անդամները պարբերական այցելութեամբ մօտէն կը հետեւին հաստատութեան ընթացքին։

Հայաստանի Գերագոյն Խորհուրդի նախագահութիւնը, լուծած է Հայաստանի ներքին նախարարութիւնը եւ անոր փոխարէն հաստատած է հասարակական կարգի պաշտպանութեան  նախարարութիւն մը։ Նոր նախարար նշանակուեցաւ Սերգէյ Արզումանեանը։