Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Միջազգային Աստղագիտական Միութեան գործադիր կոմիտէի լիակատար նիստը։

Այս առիթով՝ Հայկական հեռագրական գործակալութեան թղթակիցներէն մէկը՝ Վ. Նադիրեան, ակադեմիկոս Վիքթոր Համբարձումեանի հետ, Սովիէթ Միութեան աստղագիտութեան ձեռք ձգած յաջողութիւններուն մասին ունեցած է  տեսակցութիւն մը։

Հակառակ տարիներէ ի վեր ձեռք առնուած կտրուկ որոշումներուն եւ միջոցներուն, շինարարութեան գործը դանդաղ կ'ընթանայ Հայաստանի մէջ։ Այս ցաւոտ հարցին վերջ տալու համար, յատուկ նիստ գումարած են Հայաստանի Համայնավար կուսակցութեան Կեդրոնական Կոմիտէն եւ Հայաստանի նախարարներու խորհուրդը։ Ժողովականները հաստատելէ ետք թէ «ընթացիկ տարուան առաջին կիսամեակին գլխաւոր շինարարութեան գծով 37 տոկոսով աւելի աշխատանքներ կատարուած են, քան 1961ի նոյն ժամանակամիջոցին մէջ եւ թէ շինարարները 16 հազար քառ. մեթրով աւելի բնակելի տարածութիւն շահագործման յանձնած են, քան անցեալ տարուան համապատասխան ժամանակամիջոցին» այսուհանդերձ, «1962-ի առաջին կիսամեակին դրամական ներդրումներու ծրագիրը, կատարուած է 87.7%ով, իսկ շինութեան աշխատանքներու ծրագիրը՝ 94.8%»։ Յատկապէս «դանդաղ կ'ընթանան դպրոցներու, հիւանդանոցներու, մանկական նախադպրոցական հիմնարկութիւններու եւ կենցաղային ու մշակութային շէնքերու շինութիւնները»։

Երեք հեկտարի վրայ տարածուած Դիլիջանի  տնկարանը ունի մեծ քանակութեամբ եւ այլազան տեսակի ծառեր, թուփեր եւ ծաղիկներ։ Միայն վարդի տեսակները հինգ հազարէն աւելի են։ Յատկանշական են Խրիմեան եւ Մոսկովեան վարդենիները, որոնք Դիլիջան տարուած են անցեալ տարի։ Խնամքով կը պահուին Գերմանիայէն տարուած Պետոնեայ անունով հազուագիւտ ծաղիկները։