Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Իտալիոյ մայրաքաղաքէն օդային գծով Աթէնք ժամանեց Կիպրոսի նախագահ Մակարիոս արքեպիսկոպոսը, որ օդանաւակայանին մէջ ընդունուեցաւ վարչապետ պրն. Գարամանլիսի եւ այլ պաշտօնական անձնաւորութեանց կողմէ։

  Նախագահ արքեպիսկոպոսի ժամանումը ողջունուեցաւ թնդանօթի 21 հարուածներով։ Մակարիոս արքեպիսկոպոս բաց ինքնաշարժով  ուղղուեցաւ դէպի Աթէնք։ Մայրաքաղաքի մուտքին, Զեւսի տաճարի մուտքին առջեւ Աթէնքի քաղաքապետ պրն. Ցուքալաս բարի գալուստ մաղթեց Կիպրոսի նախագահին։ Մակարիոս արքեպիսկոպոս պատասխանելով շնորհակալութիւն յայտնեց ու շեշտեց թէ Աթէնք կուգայ ոչ թէ իբրեւ օտար, այլ իբրեւ հելլէն ղեկավարը կղզիի մը, որուն բնակչութիւնը մեծ մասամբ հելլէն է եւ Յունաստանի սրբազան հողը կը նկատէ իր ազգային կեդրոնը։ Մակարիոս, ապա ուղղուեցաւ դէպի Պալատ, անցնելով կեդրոնական փողոցներէն եւ արժանանալով ժողովուրդի խանդավառ ցոյցերուն եւ արտայայտութեանց։ Պալատի մուտքին Մակարիոս սրբազան դիմաւորուեցաւ թագուհիին եւ իշխանուհի Իրինիի կողմէ։ Կէսօրին ճաշեց արքայական ընտանիքին հետ։ Գիշերը պաշտօնական հացկերոյթ մը տրուեցաւ ի պատիւ Կիպրոսի նախագահին։ Ան չորս օր Աթէնք մնալէ ետք, կը վերադառնայ Նիկոսիա։ Մակարիոս հելլէն եւ օտար լրագրողներուն հետ հանդիպում մը ունենալով՝ նախ ըսաւ թէ երախտապարտ է Փաւլոս թագաւորին, որ իր ազնիւ հրաւէրով այս այցելութեան առիթը ընծայած է իրեն։ Ապա ըսաւ թէ՝ թէեւ իր այցելութեան պաշտօնական բնոյթ տրուեցաւ, այսուհանդերձ, իրեն համար այս այցելութիւնը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ ուխտագնացութիւն մը դէպի հելլէններու ազգային կեդրոնը, որուն իրենց նայուածքները յառելէ պիտի  դադրին Կիպրոսի հելլէնները, որոնք Յունաստանը կը նկատեն իրենց մայր հայրենիքը։ Մակարիոս շեշտեց նաեւ թէ՝ այս այցելութիւնը իրեն առիթ տուած է որ, հասարակաց շահեկա- նութիւն ներկայացնող զանազան հարցերու  շուրջ խօսակցի հելլէն կառավարութեան հետ։