Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Պոլսոյ «Մարմարա» թերթին մէջ կը կարդանք.- Կեսարիոյ ժրաջան հոգեւոր հովիւ Հայկազուն Ա. քհնյ. Կարապետեան անցեալ օր Պոլիս գալով‘ պատրիարք հօր ներկայացած եւ մանրամասն տեղեկութիւններ հաղորդած է գաւառի այն քաղաքներու հայ համայնքներուն մասին,

որոնց այցելութեան ղրկուած էր վերջերս առժամաբար, ի շարս‘ Մովսէս եւ տ. Յարութիւն քահանաներուն: Վաստակաւոր տէր հայրը, որ աւելի քան 25 տարի ամենայն պարտաճանաչութեամբ եւ անձնուիրաբար պաշտօնավարած է Կեսարիոյ մէջ եւ գնահատուած է Ազգային իշխանութիւններն ու ժողովուրդէն, այլեւս վերջնականապէս պիտի հաստատուի իր ընտանիքին, զաւակներուն ու թոռներուն մօտ եւ մաս պիտի կազմէ Պոլսոյ քահանայից դասուն, Կրօնական ժողովին որոշումով: Կեսարիոյ եւ ուրիշ հայաբնակ տեղերու համար նորընծայացուներ կամ առժամեայ այցելու հոգեւոր հովիւներ պիտի նշանակուին:

Պոլսոյ թերթերը կը գրեն.- Պոլսոյ նախկին երեսփոխան Մկրտիչ Շելլեֆեան, որ քաղաքական դատապարտութենէն ազատ արձակուելէ ետք իրեն առաջին պարտականութիւն նկատեր էր այցելել պատրիարքի հողակոյտին, երէկ ժամը 17:30-ին, ընկերակցութեամբ Նորայր Պէրպէրեանի, քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ Շնորհք պատրիարք Գալուստեանին, որուն ընտրութենէն ետք, շնորհաւորելու առաջին առիթը կ՛ունենար այդպէսով: Հիւրերը պատրիարք հօր հետ ունեցան տեսակցութիւն մը՝ զանազան հարցերու շուրջ եւ ապա հրաժեշտ առին եւ մեկնեցան պատրիարքարանէն:

Շաբաթ թարգմանիչ վարդապետներու՝ Մեսրոպի, Եղիշէի, Մովսէս Քերթողի, Դաւիթ Անյաղթ փիլիսոփայի, Գրիգոր Նարեկացիի եւ Ներսէս Շնորհալիի յիշատակին հանդիսաւոր պատարագ մատուցուեցաւ Օշականի Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի վանքին մէջ: Պատարագիչն էր Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ, Սերովբէ եպս. Մանուկեան: