Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Արին բերդին (Էրեբունի) պեղումներով զբաղող խումբին ղեկավարը՝ Կ. Յովհաննիսեան կարգ մը նորութիւններ յայտնած է Հայաստանի հեռագրական գործակալութեան թղթակիցին.

«Քրիստոսէ առաջ Ը. դարուն հիմնուած ուրարտական այս մեծ քաղաքին միջնաբերդին մէջ, այս տարի, գտնուեցաւ ցարդ մեզի համար անծանօթ «Արի» անունով խորհրդաւոր շէնք մը: Այս անունը, զոր ուրարտացիները կը գործածէին բնորոշելու համար շինութեան մը տեսակը, հանդիպած ենք ուրարտական բազմաթիւ արձանագրութիւններու մէջ: Առաջին անգամն ըլլալով գտնուած այդ շէնքին վրայի արձանագրութիւններէն կը պարզուի, թէ այդ շէնքը կը պատկանի «Արի» կոչուած շինութիւններու տեսակին: Առ այժմ մեզի համար անծանօթ կը մնայ շէնքին նպատակը, այսուհանդերձ, պարզ է, թէ ան գործածուած է հանրային նպատակի մը համար: Կոթողը կը գտնուի միջնաբերդին կեդրոնը, Խալդ չաստուծոյ տաճարին քով: Կոթողին աջ կողմը կը կը գտնուի Մենուայի որդի Արգիշտի թագաւորին շինած պալատը: Միւս կողմերը պահեստներն են եւ միջնաբերդին պարիսպը: Շէնքը ամբողջովին ծածկուած էր հողով: Կեդրոնական մասին մէջ բացինք հինգ հարիւր քառակուսի մեթր մակերեսով դահլիճ մը, որ հաւանաբար եղած է սիւնազարդ: Իր չափերով գեղարուեստական եւ ճարտարապետական ձեւաւորումով այդ դահլիճը կը գերազանցէ մեր գիտցած ուրարտական բոլոր դահլիճները: Անոր պատերուն վրայ յայտնաբերեցինք հարուստ որմնապատկերներ‘ բնական մեծութեամբ մարդոց նկարներ, դիմանկարներ եւայլն: Պեղեցինք նաեւ շէնքին տասնչորս սենեակները, որոնց մէկ մասը ունի նոյնպէս որմնանկարներ: Գտնուած արժէքաւոր իրերէն կ՛արժէ յիշատակել հռոմէացի Օգոստոս կայսրին (Ք. Ե. առաջին դար) արծաթեայ դրամը: