Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Լոնտոնի համալսարանին մէջ արեւելեան եւ ափրիկեան պատմութեան դասախօս, փրոֆ. Չարլս Տաուսեթ, որ Մատենադարանին վարչութեան կողմէ հրաւիրուած է եւ ներկայիս կը գտնուի Երեւան,

փաստական եւ գիտական տուեալներով հաստատեց, թէ սերտ կապակցութիւն գոյութիւն ունի Ե. դարու հայ պատմագիր Մովսէս Խորենացիի եւ նոյն դարու լատին պատմագիր Ամիանոս Մարկիլինոսի միջեւ: Անգլիացի հայագէտը 1947-ին կը մտնէ Քեմպրիճի համալսարանը եւ կը հմտանայ համեմատական լեզուաբանութեան եւ արեւելեան լեզուներուն, յատկապէս հայագիտութեան մէջ: 1950-ին կու գայ Փարիզ եւ Արեւելեան կենդանի լեզուներու համալսարանին մէջ երկու տարի կ՛աշակերտէ հայագէտներ՝ փրոֆ. Ֆրետերիք Ֆէյտիի եւ հ. Շարլ Մերսիէի: Մովսէս Կազանկտուացիի «Պատմութեան» մէկ մասին թարգմանութեան եւ ուսումնասիրութեան համար 1954-ին Տաուսեթ կը ստանայ բանասիրական գիտութիւններու վարդապետի աստիճան: Այս նիւթով իր աւարտական բերանացի քննութիւնը անցուցած է Քեմպրիճի դասախօս, փրոֆ. Պէյլէյի եւ Փարիզի Արեւելեան լեզուներու վարժարանի հայագէտ փրոֆ. Ֆրետերիք Ֆէյտիի գնահատութեամբ: Փրոֆ. Տաուսեթ հայագիտական ամէնէն մեծ վաստակը 1961-ին հրատարակած «Ազուանից պատմութեան» անգլերէն թարգմանութիւնն է: Իր երկրորդ մեծ գործն է Դաւիթ Ալաւկա որդիի «Խրատք կանոնականքի» անգլերէն թարգմանութիւնը, որ լոյս տեսաւ անցեալ տարի, Լուվենի մէջ, երկու մեծ պրակներով: Աղբիւրագիտական այս ծաւալուն աշխատութիւներէն զատ, անոր գրիչին կը պատկանին քանի մը արժէքաւոր յօդուածներ ալ: Անգլիացի հայագէտին ղեկավարութեամբ, յառաջիկայ տարիներուն պիտի նկարուին օտար երկիրներու հայերէն ձեռագրերը: Փրոֆ. Չարլս Տաուսեթ Երեւանի մէջ անգլերէնի պիտի թարգմանէ հինգերորդ դարու բիւզանդացի փիլիսոփայ Տիմոթէոս Կուզի «Հակաճառութիւնները», որոնց բնագիրը կորսուած է եւ միայն կը մնայ հայերէն թարգմանութեան բնագիրը: Մօտ ատենէն այլազգի հայագէտը պիտի ձեռնարկէ «Սասունցի Դաւիթ»-ի անգլերէն թարգմանութեան: