Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Երեք օր Հայաստան մնացած է Խորհրդային Միութեան Անգլիոյ դեսպանը՝ Ֆրենք Ռոպերթսըն, իր կնոջ եւ դեսպանատան առաջին քարտուղար Լենիսի հետ:

Անգլիացի դեսպանը, պատշաճ այցէն ետք Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Բ. Մարտիրոսեանին, հանդիպում մը ունեցած է Արտասահմանի հետ բարեկամութեան եւ մշակոյթի կապի հայկական ընկերութեան նախագահին՝ Բերսարէ Գրիգորեանի հետ: Անգլիացի հիւրը այցելած է Սեւան, Երեւանի մատենադարանը, պատմութեան թանգարանը եւ Էջմիածին, ուր ընդունուած է Վազգէն Ա. կաթողիկոսին կողմէ:

 

Համազգայինի Ն. Փալանճեան ճեմարանի Տնօրէնութիւնը յայտնեց թէ ճեմարանի դռները ունեցան նորեկներու արձանագրութիւններ, վերաքննութիւններ ու քննութիւններ: Հոկտեմբեր 9-ին գումարուեցաւ առաջին մանկավարժական ժողովը եւ 10-ին սկսան դասերը, բնականոն պայմաններու մէջ: Ճեմարանի ուսուցչական կազմը գրեթէ փոփոխութեան չէ ենթարկուած. այս տարի ունինք 19 ուսուցիչներ եւ 21 ուսուցչուհիներ: Առ 15 հոկտեմբերի, Ճեմարանի աշակերտութեան թիւն է: Մանկապարտէզ, երեք դասարան‘ 130 Պատրաստական, չորս դասարաններ չորս զուգընթացներով՝ 180 ճեմարանական եօթը դասարաններ՝ 197, ազատ ունկնդիրներ՝ 15, Աշակերտութեան ընդհանուր թիւ՝ 522: Այս թիւը կրնայ հասնիլ մինչեւ 550-ի: Այս տարի վերանորոգութեան ենթարկուեցաւ եւ ընդարձակուեցաւ Հայ օգնութեան միութեան անունը կրող մանկապարտէզը, որուն աշակերտութիւնը տարուէ տարի կ՛աւելնայ: Բարեփոխուած են նաեւ գիշերօթիկ բաժնի ճաշարանն ու խոհանոցը թիւ 3 նոր շէնքին մէջ լուսաւոր եւ  յարմարութիւններով օժտուած: Ճեմարանի ելեւմուտքը կը հաւասարակշռուի աշակերտական թոշակներով, սան պահող անհատներու եւ կազմակերպութիւններու օժանդակութեամբ: Հայ կրթական հիմնարկութեան յատկացումով եւ զանազան նուէրներով: