• Աթէնքի «Էլեֆթերիա» առաւօտեան մեծ օրաթերթի Սան Ֆրանսիսքոյի թղթակից Ս. Ն. Ղրանիցաս կը գրէ իր թերթի 13 Յուլիս թիւին մէջ: Հրապարակային հաւաքոյթներու համար Յունաստանի ամէնէն մեծ սրահներէն մէկը պիտի կառուցուի Գոքինիոյ մէջ, Փիրիա: (ԽՄԲ.- Թիւրիմացութեան մէջ է թղթակիցը, յիշեալ սրահը պիտի կառուցուի Հ. Կ. Խաչի Տուրղութիի հողամասին վրայ, ազգային վարժարանին կից): Յիշեալ սրահը Ճորճ Մարտիկեանի կողմէ պիտի նուիրուի հայ գաղութին: Ճորճ Մարտիկեան այս առթիւ յայտարարեց, թէ այս կեդրոնի հիմնարկէքի արարողութեան ներկայ գտնուելու համար Յունաստան պիտի մեկնի, շատ հաւանաբար՝ յառաջիկայ Հոկտեմբերին: Նուիրատուն, հայկական ծագումով ամերիկացի, Սան Ֆրանսիսքոյի ծանօթ ձեռնարկու մըն է եւ գրած է երկու գիրքեր, որոնք մեծ յաջողութիւն արձանագրեցին: Իր գիրքերէն մէկը՝ «Երգն Ամերիկայի» թարգմանուած է բազմաթիւ լեզուներու եւ հաւանաբար յունարէն ալ հրատարակուի: Ճորճ Մարտիկեան անդամ է շատ մը կազմակերպութեանց եւ զանազան յանձնախումբերու: Հելլէնասէր այս հայը միշտ ջերմ սիրով կ՛արտայայտուի Հելլադայի եւ հելլէններուն մասին: Հազար-հազար երկու հարիւր հոգինոց սրահ մը պիտի ըլլայ Ճորճ Մարտիկեանի սրահը: Նուիրատուն յիշեալ կեդրոնը շինելով՝ կ՛ուզէ, որ հոն կազմակերպուին մշակութային հաւաքոյթներ, դպրոցական հանդէսներ եւ այլն: Յայտնի չէ, թէ ի՛նչ պիտի արժէ, բայց բաւական մեծ գումարի մը կը կարօտի սրահին կառուցումը, որ նման պիտի ըլլայ այն միւսին, զոր Ճ. Մարտիկեան կառուցած է Հալէպի մէջ:

  • 12 օտար լրագրողներ մէկ ամսուան համար պիտի այցելեն Միացեալ Նահանգներու զանազան վայրերը: Սոյն լրագրողներուն մէջ կը գտնուի Լեւոն Քէշիշեան: Այս մէկ ամսուան պտոյտը կազմակերպուած է «Կառավարական հարցերու հիմնարկ»ին կողմէ, «Ֆորտ» հաստատութեան նիւթական օժանդակութեամբ: