Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Կարճ, այլ ծանր հիւանդութեան զոհ գացած է Լենինկրատի բնախօսութեան կաճառի տնօրէն եւ Հայաստանի Գիտութիւններու ակադեմիայի անդամ՝ փրոֆ. Արարատ Ալեքսանեան:

Ողբացեալը եղած էր ակադեմիկոս Լ. Օրբէլիի մօտիկ աշակերտը եւ անոր հետեւորդներէն մէկը: Ծնած էր 1907-ին, Պաթում: Բարձրագոյն կրթութիւնը ստացած էր Երեւանի մէջ, ապա աշակերտած՝ Լ. Օրբէլիի, Լենինկրատի մէջ, եւ ուր պաշտօնավարած էր մօտ 25 տարի: 1950-ին նշանակուած էր Երեւանի բնախօսութեան կաճառի տնօրէն: Իր գիտական գործունէութիւնը սերտօրէն շաղկապուած էր ակադեմիկոս Լ. Օրբէլիի հիմնած բնախօսութեան դպրոցին հետ: Կեդրոնական ջղային համակարգութեան եւ փոքր ուղեղի հարցերուն նուիրուած իր գործերը ծանօթ են բոլոր մասնագէտներուն: Իր գրչին կը պատկանին յիսուն գիտական աշխատութիւններ:

Միացեալ Նահանգներու մէջ վերջերս գումար-ւած պատմագիտական միջազգային տասներորդ համագումարին մասնակցած են հայ երկու  գիտնականներ Գարեգին Պետրոսեան՝ նախագահ Հայաստանի Գիտութիւններու ակադեմիայի բնագիտութեան եւ թեքնիք պատմութեան խորհուրդին եւ փրոֆ. Աշոտ Գրիգորեան՝ նախագահ բնագիտութեան եւ թեքնիք պատմաբաններու խորհրդային ազգ. միաւորման խորհուրդին: Գիտնական Գարեգին Պետրոսեանի զեկուցումը նուիրուած էր յոյն ուսողագէտ Կղիդէսի «Սկզբունքները» երկրաչափութեան հայերէն բնագրին ուսումնասիրութեան: Փրոֆեսէօր Ա. Գրիգորեան ընտրուած է գիտութեան պատմաբաններու միութեան փոխնախագահ, իսկ փրոֆ. Գ. Պետրոսեան՝ գիտութեան եւ թեքնիքի պատմութիւն դասաւանդող միջազգային յանձնաժողովի անդամ:

Երեւանի օփերայի այս եղանակի խաղացան կը կազմուած է դասական եւ արդիական օփերաներէ եւ բեմապարերէ: