Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Խորհրդային ԹԱՍՍ գործակալութիւնը կը հաղորդէ Երեւանէն, թէ Խաղաղութեան խորհըրդային կոմիտէն պատուոյ վկայական յանձնած է Ամենայն հայոց կաթողիկոսին՝ ի գնահատութիւն Վազգէն Ա.ի տարած աշխատանքներուն՝ համաշխարհային խաղաղութեան եւ ամբողջական ապաքինման ի նպաստ:

Նոյն վկայականներուն արժանացած են նաեւ բեմագիր Վարդան Աճեմեան, երգահան Էտկար Յովհաննիսեան, բանաստեղծ Գէորգ Էմին, արուեստի պատմագիր Ռուբէն Պարսամեան եւ այլ անձնաւորութիւններ:

Տարիներէ ի վեր, աշնան այս օրերուն, մեծ փայլով եւ բազմահազար հանդիսականներու ներկայութեան տեղի կ՛ունենան մարզական եւ գեղարուեստական հանդիսութիւններ՝ «Ոսկէ աշուն» անուան տակ: Սեպտեմբեր 29-ին Երեւան մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցած են՝ տողանցք, մարզական խաղեր, պարեր եւ երգեր: Յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը բերած են օտար երկիրներու արուեստագէտներ եւ խումբեր: Կարեւոր տեղ գրաւած է ռուսական բաժինը: Այս տարուան «Ոսկէ աշուն»-ին հանդի- սութիւնը նուիրուած էր Պորոտինոյի  նափոլէոնեան պատերազմին:

«Հայրենիք»-ի մէջ կը կարդանք.- 7 Հոկտեմբերին, Նիւ Եորքի, Ֆիլատելֆիոյ, Շիքակոյի եւ Տիթրոյիթի շրջաններուն մէջ՝ տեղի ունեցան հրապարակային կարեւոր ժողովներ, ուր  խօսեցան ընկերներ Մինաս Թէօլէօլեան, Յակոբ Խաշմանեան, Արթըր Կիրակոսեան եւ Հրայր Խանպէկեան: ՀՅԴ տեղական կոմիտէներու եւ Կեդր. կոմիտէն կազմակերպած այս ժողովները ժողովրդային եւ համակիր շրջանակներու  հետ անմիջական շփումի եւ ազգային, հանրային ու քաղաքական կարեւոր հարցերու շուրջ հաւաքական արտայայտութեանց առիթներ եղան: Բանախօսները այս առթիւ պարզեցին ՀՅ Դաշնակցութեան ճիգերն ու աշխատանքները՝ մտահոգութիւններն ու ձգտումները հայ կեանքի բոլոր ճակատներուն վրայ: