Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Հայաստանի մէջ հազարամեակներ առաջ մարդիկ օգտագործած են երկաթահանքերը՝ գութանի խոփ, սուր եւ այլ իրեր շինելու համար:

Անգլիացի հնախօս Հորթըն Չայլտի հաւաստիացումով (տես Տիկշիտի «Հնաբանութեան ներածութիւն» գիրքը), «Հայ լեռնցիները երկրագունդի վրայ առաջիններն են, որ օգտագործած են երկաթի հանքերը եւ այս ձեւով իսկ հիմը դրած՝ երկաթի գիւտին եւ երկաթի դարուն»: Իսկ ներկայիս Աբովեանի շրջանին մէջ յայտնաբերուած է երկաթահանքի մէջ նոր հողամաս մը, որ իր պարունակութեամբ խոստմնալից է: Վերջին տարիներու հետախուզութիւնները ցոյց կու տան, թէ Հայաստան հարուստ է երկաթի հանքերով:

Փարիզի «Յառաջ»-ին մէջ կը կարդանք.- Տիեզերական ժողովին ոչ կաթողիկէ դէտերու կարգին է Անթիլիասի դպրեվանքին տեսուչը՝ Գարեգին վրդ. Սարգիսեան: «Լո Մոնտ», որ այս լուրը կը հաղորդէ Հոկտեմբեր 2-ի իր թիւով, կը գրէ. «Վատիկանէն կը տեղեկանանք, թէ դէտերու ցանկը ամբողջացած է Եթովպիոյ՝ տոքթ. Սա- տեքէ եւ աբբայ Փեթրոս Սելասիէ պատուիրակ- ներով եւ Գարեգին վրդ. Սարգիսեանով՝ պատուիրակ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ»: Անձնական հանգամանքով մէկ ուղղափառ հրաւիրուած է՝ Ալեքսանդր Շմեման, Նիւ Եորքի Սուրբ Վլատիմիր դպրեվանքին փոխ տնօրէն, որ առայժմ Հռոմ գացող միակ ուղղափառն է: Այս դէտը կը պատկանի ռուս գաղթական եկեղեցւոյ, որ կապուած է Պոլսոյ պատրիարքութեան:

Փարիզ կը մեկնի «Հայ երգիչներու անսամպլ»ի ղեկավար Օննիկ Ասատուրեան՝ կատարելագործելու համար իր երաժշտական գիտութիւնը: 1962-1963 դպրոցական տարեշրջանին ան պիտի աշակերտէ Փարիզի ազգային երաժշտանոցին, «Միջազգային երաժշտանոց»-ին եւ Սորպոնի համալսարանին՝ հետեւելով ստեղծագործական, խմբավարական եւ երաժշտագիտական բարձրագոյն դասընթացքներուն: