Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Աղեքսանդրիոյ Մուասսաթ հիւանդանոցին մէջ իր մահկանացուն կնքած է մեր հին, հաւատաւոր, հարուստ անցեալով ընկերը‘ Մինաս Խաչատուրեան:

Հին պահակագունդին կը պատկանէր Մինասը, յեղափոխական հին սերունդին վերջամնացներէն: Անցեալին ունեցած է փայլուն գործունէութիւն, թէ՛ յեղափոխական եւ թէ՛ քաղաքական ու մշակութային գծով: Եգիպտոսի մէջ, ուր եկած հաստատուած էր կանուխէն, նախ վարեց Խորասանճեան տան տնօրէնի պաշտօնը, ապա‘ նաեւ Աղեքսանդրիոյ առաջնորդարանին դիւանապետութիւնը: Հիմնադիրներէն էր «Համազգային» կրթական եւ հրատարակչական ընկերակցութեան: Երկար ատեն մնաց այս ընկերակցութեան գործօն անդամ: Բծախնդիր ու բարեխիղճ էր մեր ընկերը: Իրեն յանձնուած որեւէ գործ կը վարէր ո՛չ թէ իբրեւ պաշտօնեայ, պարտականութիւն մը կատարած ըլլալու համար, այլ‘ նուիրումով, իր ամբողջ կորովն ու եռանդը դնելով իրեն յանձնուած  գործին մէջ: Իր հիւանդագին վիճակին բերումով‘ վերջին տարիներուն քաշուած էր գործօն կեանքէ, բայց միշտ կը հետաքրքրուէր ազգային-կուսակցական կեանքով:

Սուրիոյ վարչապետ Խալետ Ազմ ընդունեց Սուրիոյ քրիստոնեայ համայնքներու կրօնապետներէն բաղկացած մեծ պատուիրակութիւն մը, զոր կը գլխաւորէին յոյն օրթոտոքս եւ ասորի պատրիարքները: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին նաեւ մարոնի եւ հայ կաթողիկէ համայնքներուն ներկայացուցիչները: Յոյն օրթոտոքս Թէոտոսիոս պատրիարքը խօսք առաւ եւ շնորհաւորեց վարչապետ Խալետ Ազմը եւ նախարարները եւ յայտնեց, թէ իրենց մեծ յոյս կը ներշնչէ Սուրիոյ վերականգնումը՝ շնորհիւ նորակազմ դահլիճին, որ պիտի իրականացնէ ժողովուրդին փափաքները՝ ընդհանուրին ներդաշնակ գործունէութեամբ: «Շնորհիւ ձեր ջանքերուն՝ միշտ դէպի բարին եւ բարգաւաճում պիտի դիմէ մեր սիրելի հայրենիքը», ըսաւ ան եւ իր խօսքը աւարտեց սրտագին բարեմաղթութիւններով: