Պուքրէշի «Նոր Կեանք» շաբաթաթերթի խմբագրութիւնը տեսակցութիւն մը ունեցած է հունգար հայագէտ տոքթ. Էտմոն Օթօ Շուցի հետ՝ Հունգարիոյ մէջ կատարուող հայագիտական աշխատանքներուն մասին, որուն շուրջ հետեւեալը յայտարարած է օտար հայագէտը.
«Մեր լեզուաբանները եւ պատմաբանները յատուկ ուշադրութիւն կ՛ընծայեն արեւելագիտութեան բնագաւառին մէջ կատարուող հետազօտութիւններուն, հետեւաբար նաեւ՝ հայագիտութեան: Ճիգ կը թափենք երիտասարդութեան շարքերէն հայագէտներ կազմելու ուղղութեամբ: Փեշտայի համալսարանին մէջ կը դասաւանդեմ հայկական բանասիրութեան մասնագիտացման դասընթացքներ, որոնք նպատակ ունին պատրաստելու հայագիտութեան ապագայ որակեալ տարրեր: Հրատարակած եմ նաեւ ուսումնասիրութիւններ, որոնք կապ ունին հայ մշակոյթի պատմութեան, ինչպէս նաեւ այն պատմական ու լեզ-ւական կապերուն հետ, որոնք գոյութիւն ունին հայ եւ հունգար ազգերուն միջեւ:
Հրազդանի ձախ՝ բարձրադիր ափին մինչեւ այսօր ալ տեղ-տեղ կ՛երեւին Երեւանի հին բերդին մնացորդները: Բերդին քովերը տարիներու ընթացքին շինուած Սարտար Խանի հայելազարդ պալատը, կանանոցը, մզկիթներ, զօրանոցներ եւ այլ շինութիւններ: Երեւանի բերդը տեսած եւ նկարագրած են օտար բազմաթիւ ճամբորդներ, սակայն, անոնցմէ ոչ մէկը յաջողած է նկարագրել Խաչատուր Աբովեանի նման ճիշդ եւ պատկերաւոր: Արեւելքի մէջ հռչակ վայելող Երեւանի բերդը, 1827-ին, հինգ-վեց օրուան ընթացքին կը գրաւուի ռուսական եւ հայկական ջոկատներուն կողմէ: Պարսիկներէն գրաւուած զէնքերուն, դրօշակներուն եւ այլ հանդերձանքներուն մէկ մասը ներկայիս ցուցադրուած է Երեւան քաղաքի պատմութեան թանգարանին մէջ: Վերջերս, պատահաբար, գտնուեցան թնդանօթի երեք արկեր: