Հանդիսավարի լոյսերուն տակ, ներկայ հետաքրքիր հասարակութիւնը մեծ յուզումով կը հետեւի հայկական կրկէսի (Երեւան) անդամներէն մարդու մը զարմանահրաշ խաղերուն, տրուած ըլլալով, որ ան կենաց մահու պայքար մըն է, որ կը մղէ իր այս ցուցադրութեան ընթացքին, հսկայական սողուններու՝ մեծ պետոններու հետ կռուելով, իր ահեղ ուժին շնորհիւ: Ինչպէս ծանօթ է, պետոնները ամենազօրաւոր օձերն են, նոյնիսկ ոմանք՝ պոայէն ալ զօրաւոր:
Ահա անոնք իրենց այս արտակարգ ուժով է, որ կը սեղմեն հայ Հերակլէսին մարմինը, որ գիտէ դիմադրել սակայն այս բոլոր ճնշումներուն, որոնց նուազագոյնը գուցէ մահացու ըլլար ուրիշ մէկուն համար: Անոնք ուղղակի կը պայքարին իրարու հետ եւ ամէն անգամին ալ Ստեփան Իսահակեան կը յաջողի քակել անոնց այդ ահաւոր օղակները՝ ներկաներու խելայեղ ծափահարութեանց մէջ: Բայց Ստեփան Իսահակեանի այս ահաւոր սողուններուն դէմ մղած կատաղի պայքարը չէ միայն, որ ուշագրաւ ու զարմանալի ցուցադրութիւնը կը կազմէ Երեւանի կրկէսին: Կարելի է ըսել, թէ ասոր նման բազմաթիւ ցուցադրութիւններ ունի հայկական կրկէսը, բոլորն ալ՝ իրարմէ հետաքրքրական: Արդարեւ, Երեւանի կրկէսը, որ ներկայիս շրջապտոյտի մը ձեռնարկած ըլլալով՝ կը գտնուի Մոսկուա, ունի նաեւ ուշագրաւ այլ ցուցադրութիւն մը: Այսպէս, Իսահակեան նման պայքարներ կը մղէ նաեւ հսկայական կոկորդիլոսներու հետ եւ զարմանալի ցուցադրութիւններ կ՛ընէ ուշիմ ու վարպետ փիղերու ընկերակցութեամբ: Հայկական կրկէսը շատ հին չէ: Կարելի է ըսել, թէ հազիւ տասնեակ մը տարիներու պատմութիւն ունի, տրուած ըլլալով, որ ստեղծուած է յետպատերազմեան տարիներուն, բայց ահագին ճամբայ կտրած է այն օրէն ասդին եւ՝ մեծ համբաւի տիրացած: Կրկէսին բազմաթիւ հայ արուեստագէտներուն մէջ ամէնէն ուշագրաւներէն մին է նաեւ օդային մարմնամարզիկ Էլենա Յովհաննիսեան, որ կարելի է ըսել, թէ անթեւ թռչուն մըն է:
«Լէ Նուվել Տը Մոսկուա»