Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Քանի մը շաբաթէ ի վեր Միջին Արեւելք կը գտնուին Պուէնոս Այրէսի ծանօթ ազգայիններէն քոյր եւ եղբայր Սիրանուշ եւ Պօղոս Արզումանեանները, որոնք իրենց բարերարութիւններով Արժանթինի հայութեան խոր յարգանքին ու համակրանքին արժանացած են:

Պօղոս Արզումանեան, շնորհիւ իր ձեռներէցութեան եւ ուշիմութեան, Պուէնոս Այրէսի առեւտրական հրապարակին վրայ գրաւած է բարձր դիրք մը՝ հիմնելով կօշիկի հսկայ գործարաններ: Քոյր եւ եղբայր Արզումանեաններ Պուէնոս Այրէսի հայկական բոլոր ձեռնարկներուն իրենք լայն մասնակցութիւնը բերած են: Իրենց բարերարութեամբ շինուած է ապրիլեան յուշարձանը հա- յոց եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ: Այդ արժանա- վայել յիշատակարանին համար կարեւոր գումար մը տրամադրած են Արզումանեանները: Սիրանուշ Արզումանեան Պուէնոս Այրէսի «Արմենիա» հրապարակի բացման կնքամայրը եղած է՝ միշտ բարձր պահելով հայուն անունը: Ամէն տարի Մայիս 28-ին այդ հրապարակին վրայ կը ծածանի հայկական եռագոյնը: Վերջերս քոյր եւ եղբայր Արզումանեաններ Արժանթինի նախագահին ներկայանալով՝ յայտնած են, թէ ծրագրած են 15-20 միլիոն փեսօ արժէքով նախակրթարան մը շինել տալ, զոր պիտի նուիրեն հայերու ասպնջականութիւն տուող Արժանթինի ժողովուրդին, խնդրելով, որ վարժարանը կոչուի «Ռեսփուպլիքա Արմենիա»: Առաջարկը ընդունուած է: Վարժարանին մէջ միշտ 50 հայ աշակերտ իրենց տեղը պիտի ունենան եւ Ապրիլ 24-ին եւ Մայիս 28-ին աշակերտութեան պիտի խօսուի Հայաստանի եւ հայութեան մասին: Այս ազնուական հայերը մօտ երկու շաբաթ մնալէ վերջ Հալէպ, ուր արժանացած են մեծ պատիւներու, առջի օր վերադարձան Պէյրութ: Արզումանեանները երէկ ճաշի հիւրը եղան վեհափառին: Իսկ այսօր կը մեկնին Դամասկոս, ուրկէ պիտի անցնին Երուսաղէմ եւ քանի մը օրէն կրկին պիտի վերադառնան Պէյրութ: