Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Հակառակ տարիներէ ի վեր ձեռք առնուած կտրուկ որոշումներուն եւ միջոցներուն, շինարարութեան գործը դանդաղ կ՛ընթանայ Հայաստանի մէջ:

Այս ցաւոտ հարցին վերջ տալու համար յատուկ նիստ գումարած են Հայաստանի Համայնավար կուսակցութեան Կեդրոնական կոմիտէն եւ Հայաստանի նախարարներու խորհուրդը: Յատկապէս «դանդաղ կ՛ընթանան դպրոցներու, հիւանդանոցներու, մանկական նախադպրոցական հիմնարկութիւններու եւ կենցաղային ու մշակութային շէնքերու շինութիւնը»: Այս երեւոյթին պատճառները, ըստ ժողովականներուն, մէկէ աւելի են: Նախ՝ «աշխատանքները անբաւարար կազմակերպուած են», մեքենաները եւ փոխադրութեան միջոցները «արդիւնաւէտ ձեւով չեն օգտագործուիր» եւ, վերջապէս, բանուորներուն որակը բարձրացնելու աշխատանքներ չեն կատարուիր:

Շատ մը տեղեր գեղեցիկ սովորութիւն դարձած է Մանուկներու օրուան տօնակատարութիւնը: Հոս ամէն օր տեղի կ՛ունենայ մանուկներու հաճելի հանդէս: Մենք խօսած ենք արդէն, Լիբանանի Հայ Օգնութեան Խաչի Շրջանային վարչութեան կրթական եւ գթութեան կամ խնամատարական աշխատանքներուն մասին: Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ Լիբանանի օգնութեան խաչը տարուէ տարի վերելքի մէջ է, ուր որ հայութիւն գոյութիւն ունի այնտեղ կայ Օգնութեան խաչի մասնաճիւղ մը: Կազդուրման կայանի երրորդ խումբն ալ ասկից պիտի մեկնի այս ամսուան վերջը: Տեսանք, որ ժողովուրդը հետըզհետէ կը գնահատէ այս օգտաշատ ձեռնարկը եւ կը փափաքի, որ  յառաջիկային աւելի շատ թիւով մանուկներ բերուին հոս եւ բարոյապէս ու նիւթապէս օժանդակութիւն ըլլայ այս մեծ կազմակերպութեան: Մանուկը շնորհ է, կեանքի յաղթանակն է: Հոս բերուած տղաք կորովի գեղեցկութիւն ունին, պէտք է մօտենալ ասոնց եւ լսել ցեղին ձայնը: Գգուանք մը, շաքար մը անոնց վիշտը կը փարատէ եւ անուշիկ դէմքերը կը փայլին վերստին զուարթութեան շողերով: