Անգլիական «Տէյլի Թելեկրաֆ» օրաթերթը իր մէկ թիւին մէջ կը գրէ.- 1955-ին, երբ Լիզպոնի մէջ մեռաւ Գալուստ Կիւլպենկեանը, 24 միլիոն սթերլինի հասնող հարստութիւն մը ձգեց: Այսօր Կիւլպենկեան հիմնարկութեան փոխանցուած այս հարստութիւնը կը հասնի 45,5 միլիոն սթերլինի:
Կիւլպենկեան հիմնարկութեան ձգեց նաեւ 5 առ հարիւր տոկոսի շահաբաժին մը Իրաքի Քարիւղային ընկերութեան մէջ, որուն անուանական գումարը 6,683,020 սթերլին է, բայց իրական արժէքը շուրջ հարիւր միլիոն սթերլին է: Այս գումարը եւս, ինչպէս արուեստի գործերու իր մեծարժէք հաւաքածոն, մօտ երեք հազար թանկարժէք կտորներով, փոխանցուեցան հիմնարկութեան:
Իր առաջին տեղեկագիրին մէջ, հիմնարկութեան նախագահը կը գտնէր, որ հարստութիւնը կ՛արդարանայ միայն այն ատեն, երբ բարի նպատակներու կը տրամադրուի՝ դրամատիրոջ ողջութեան կամ մահէն ետք: Յուլիս 1955-էն մինչեւ Դեկտեմբեր 1959 շրջանը ընդգրկող իր տեղեկագիրին մէջ, նախագահը կը գրէ. «Ճշմարիտ առասպել մը հիւսուած էր Կիւլպենկեանի հարստութեան շուրջ: Հիմնադիրի Միջին Արեւելքի քարիւղի շահերը ապահովուեցան ու պահպանուեցան մեծ զոհողութիւններով: «Գալուստ Կիւլպենկեան մտացի, յարատեւող եւ արի սերմնացան էր հարստութեան հունտերու, սակայն ան լիովին չքաղեց հունձքը: Այդ գործը պիտի ընէ Կիւլպենկեան հիմնարկութիւնը, պայմանով որ միջազգային անհանդարտութիւնը չխորտակէ մեր եւ հիմնադիրին յոյսերը»: Նշուած ժամանակաշրջանին կատարուած նուէրներու գումարը կը հասնի հինգ միլիոն սթերլինի: Փորթուկալը հիմնարկութենէն ամէնէն աւելի օգտուողը եղած է, ստացած ըլլալով աւելի քան երկու միլիոն սթերլին, Միջին Արեւելքը ստացած է մօտ մէկուկէս միլիոն, իսկ Բրիտանիա եւ Բրիտանական Հասարակապետութիւնը՝ մօտ 700 հազար սթերլին: Այս զգուշ մօտեցումը արդիւնք է այն վտանգներուն, որոնց ենթակայ է հիմնադրամը տնտեսական ու քաղաքական տագնապներու հետեւանքով: Ընդհանուր առումով, Կիւլպենկեան հիմնարկութիւնը ստեղծուած է օգնելու համար արուեստի, կրթութեան, գիտական պրպտումներու եւ բարեսիրական ձեռնարկներու ու նպատակներու: Լայն շրջագիծով նուիրատուութիւններ եղած են հիմնարկութեան կողմէ բժշկական ու գիտական աշխատանքներու, հիւանդանոցներու, դպրոցներու եւ բարեսիրական հաստատութեանց: