Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Սեպտեմբերին ՀՅԴ Քալիֆորնիոյ շրջանի Գ. Պատգամաւորական ժողովին բացումը կատարուած է եւ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Զարեհ Զարդուն բացումը կատարելով՝ ողջունած է պատգամաւոր ընկերները յանուն շրջանի գերագոյն մարմինին:

Ապա վեթերան ընկեր Յ. Տէր Յովհաննէսեան ողջունած է պատգամաւորականը եւ՝ յայտարարած. «Ձեր շրջանի բազմահարիւր ուխտեալներու ներկայացուցիչները պէտք է գիտակցիք, որ հայ ժողովուրդի ազատագրութեան պայքարներու ընթացքին Ամերիկայի ընկերները ասեղանիշ մ՛անգամ ետ չեն մնացած միւս բոլոր շրջաններէն: Ամերիկահայ դաշնակցականը տուած է ըստ ժամանակի եւ ըստ պահանջի այն ամէնը, որոնք կրնային հայ ժողովուրդի գոյութեան պահպանման յենարաններ ըլլալ հոս՝ սփիւռքի մէջ, թէ հոն՝ մայր հայրենիքին: Մի՛ մոռնաք, որ իբրեւ Կեդրոնական կոմիտէութիւն ամէնէն նորածինն էք»: Ժողովականներու փափաքով՝ պատգամաւորականը դռնբաց յայտարարուած է՝ հնարաւորութիւն տալով շրջանի ընկերներուն իբրեւ ունկնդիր ներկայ գտնուելու պատգամաւորականի աշխատանքներուն: Շրջաններու պատգամաւոր ընկերներուն տուած զեկուցումներէն յայտնուած է, որ շրջանի բոլոր մարմիններն ու ընկերները աւելիով կատարած են իրենց նիւթական ու բարոյական պարտականութիւնները: Ժողովի տեւողութեան հանդիսական բոլոր առիթներուն, երիտասարդ ընկերները յեղափոխական երգերով ոգեկոչած են մեր կուսակցութեան հերոսական անցեալի փառաշուք դրուագները: Վարչական եւ յարաբերական զեկուցումներէն ետք ժողովը շատ սիրալիր եւ համերաշխ մթնոլորտի մը մէջ տուած է համապատասխան որոշումներ յառաջիկայ տարուան կուսակցական, հանրային, ազգային աշխատանքները արդիւնաւոր տեսնելու հաստատ կամեցողութեամբ: Երեք օրուան ժողովական աշխատանքներէ ետք ընկերական ջերմ մթնոլորտի մէջ վերջ գտած է պատգամաւորականը: Ազգային հերոս Սողոմոն Թեհլիրեանի շիրիմին ուխտագնացութիւն մը կատարուած է: Պատգամաւորական ժողովը ողջոյնի հեռագիր ղրկած է ՀՅԴ Բիւրոյին: