Վերջին թղթատարով ստացուած Թեհրանի մեր պաշտօնակից «Ալիք»-էն կը տեղեկանանք, թէ վերջին շարժերուն պատճառով Ղարաբաղի շրջանի կիսահայաբնակ չորս գիւղերը հիմնայատակ աւերուած են‘ պատճառելով 42 զոհ:
Թեհրան հասած տեղեկութեանց համաձայն, ոչնչացած է գիւղացիութեան ամբողջ ունեցածը: Առաջին առթիւ վերապրող հայերը դիմում կատարելով Թեհրանի Ազգային իշխանութեան՝ քահանայ պահանջած են թաղելու համար մեռելները: Իսկոյն ղրկուած է քահանայ մը եւ կարգ մը անմիջական դեղորայք եւ օգնութիւն՝ առաջքը առնելու համար համաճարակի մը: Թեհրանի Թեմական խորհուրդը իսկոյն գումարած է արտակարգ նիստ մը: Ժողովը զբաղած է աղէտեալներուն անմիջական օգնութիւն հասցնելու խնդիրով եւ Համալսարանականներու միութեան երեք երիտասարդ բժիշկները պատրաստակամութիւն յայտնած են մեկնելու աղէտի շրջանը: Բժիշկներուն տրամադրութեան տակ դրուած են անհրաժեշտ քանակութեամբ դեղեր: Աղէտեալները ցուրտին դէմ պաշտպանելու համար գնուած են որոշ թիւով վրաններ: Քահանան կատարած է թաղումը տարաբախտ զոհերու եւ հոգեւոր մխիթարութիւն տուած է անաւեր, ընչազուրկ աղէտեալ եղբայրներու եւ քոյրերու: Թեմականը ղրկած է նաեւ մաս մը ուտելիք: Բոլոր ծախքերը հոգացած են Թեմականը եւ ժողովին մասնակցող միութիւններէն ոմանք: Պարէնաբաշխումի համար ղրկուած են 8 ազգայիններ: «Ալիք»-ի թղթակիցը կ՛եզրակացնէ. «Աղէտը ահաւոր է եւ մեր օգնութիւնը՝ չնչին: Մեր ազգայիններէն կը խնդրենք, ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս բերել իրենց սրտաբուխ օգնութիւնները մեր դժբախտ ազգակիցներուն»: Թեհրանի հայոց Թեմական խորհուրդին կոչն ալ կը շեշտէ. «Խնդրում ենք յարգելի հասարակութեան, ձեր սրտաբուխ եւ առատաձեռն նուիրատուութեամբ մեծապէս օժանդակէք կատարուելիք հանգանակութեան, որպէսզի գէթ ժամանակաւորապէս բարւոքել կարողանանք մեր քոյրերի եւ եղբայրների ծանր վիճակը»: