Երեւանի ձայնասփիւռէն առնելով՝ արտասահմանեան հայերէն բոլոր թերթերը գրեցին, թէ վերջին վիճակագրութեան արդիւնքներուն համաձայն, Հայաստանի բնակչութեան ընդհանուր թիւն է 1,890,000:
Խօսնակը աւելցուցած է նաեւ, թէ երկու տարուան ընթացքին Հայաստանի բնակչութիւնը աւելցած է 125,000 հոգի: Ուրիշ աղբիւրներէ հասած տեղեկութիւններու համաձայն, մայրաքաղաք Երեւանի բնակչութեան թիւն ալ հասած է 560,000-ի: Սրտի անհուն հրճուանքով է, որ կու տանք այս լուրը մեր ընթերցողներուն:

Կը հաստատուի նաեւ «Թաս» գործակալութեան թղթակցին կողմէ, որ տեսակցութիւն մը ունենալով Հայաստանի վիճակագրական գրասենեակի վարչութեան նախագահ Հրանդ Մարտիրոսեանի հետ, ստուգած է կարգ մը մանրամասնութիւններ վերջին վիճակագրութեան մասին: Հրանդ Մարտիրոսեան ըսած է, թէ անցեալ տարուան աճի համեմատութիւնը եղած է 34 առ հազար: Մասնաւորաբար Երեւանի աճը եղած է աչքառու: Վերջին երկու տարուան ընթացքին բնակչութեան թիւին վրայ աւելցած է յիսուն հազար հոգի: Նկատի ունենալով հայ ժողովուրդին աճման թափը, որ երկրորդ տեղը կը գրաւէ Խորհրդային Միութեան բաղկացուցիչ երկիրներուն մէջ, Հայաստանի բնակչութեան թիւը պէտք էր ըլլար այսօր ոչ թէ 1,890,000, այլ՝ շատ աւելին: Եթէ նկատի ունենանք Հրանդ Մարտիրոսեանի ցոյց տուած 34 առ հազար աճումի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէկ միլիոն բնակչութեան թիւերը, քառասուն տարուան ընթացքին Հայաստանի բնակչութեան թիւը պիտի հասնէր ոչ թէ 1,890,000 հոգիի, այլ՝ 2,360,000-ի: Բնականօրէն ամէն մէկ սրտցաւ հայ հարց պիտի տայ, թէ ինչո՞ւ Հայաստանի բնակչութիւնը չէ աւելցած համեմատական չափով: Որովհետեւ, հակառակ համայնավարներու հաւաստիքներուն, թէ Հայաստան  ազատ է եւ կ՛ապրի երջանիկ պայմաններու մէջ, մեր ժողովուրդը այս քառասուն տարուան ընթացքին չէ ապրած ազատ մարդու բնականոն կեանքը, այլ տառապած է համայնավար բռնակալութեան տակ՝ ենթարկուելով անլուր տանջանքներու, աքսորի, բանտի, տեղահանութեան եւ գնդակահարութեան: Անշուշտ, մեր ժողովուրդին աճման թափը չտկարացաւ, համայնավար կարգերու բերումով եւ թշնամական վերաբերումով տեղի ունեցան բռնագաղթեր, աքսորներ, բանտարկութիւններ, որոնք անճիտեցին մեր ժողովուրդը...: