Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Ցարդ ստոյգ լուրեր չունէինք Պարսկաստանի երկրաշարժէն հայերու վիճակը: «Ալիք»ը հետեւեալ կոչը հրատարակած է.

Մեր ստացած ստոյգ տեղեկութիւններից պարզուեց, որ երկրաշարժի աղէտը շատ աւելի մեծ է, քան ենթադրում էինք: Ստորեւ տալիս ենք Թեմական խորհրդի կողմից ուղարկուած յատուկ տեղեկութիւնների միայն մէկ մասը: «Այսօր՝ երեքշաբթի, առաւօտեան ժամը վեցին, հասանք Ղարազան. հայաբնակ գիւղերը հիմնայատակ կործանուած են: Մի կատարեալ գերեզմանոց: Ամէն կողմ լաց ու շիւան, ունենք բազմաթիւ զոհեր: Այս րոպէին գրիչը ձեռքիս դողում է եւ արցունքները լճացած են աչքերիս մէջ: Այս ողբերգական  պատկերի դիմաց իմ անճարակութեան գիտակցութեամբ շշմած եմ. եւ օգնութեան աղաչանքներին խոստումներ եմ տալիս վաղուայ եւ միւս օրուան համար: Մեզ հետ բերած պարէնը եւ իրեղէնները բաժանեցինք: Ծով կարիքի դէմ մեր բերածը մի կաթիլ էր միայն: «Անյետաձգելի կարիք կայ՝ վրանների, հացի, շաքարի, թէյի եւ մանաւանդ տաք հագուստների: Ամէն կերպ շտապեցրէք օգնութիւնը»:
«Հայրենիք»-ի մէջ (7 Սեպտեմբեր) կը կարդանք. Երգչուհի Աստղիկ Առաքելեան Փարիզէն Նիւ Եորք ժամանեց անցեալ Շաբաթ օր, մէկուկէս ամսուան արձակուրդով: Ան ծանօթ է յատկապէս ֆրանսահայութեան՝ իբրեւ տաղանդաւոր երգչուհի մը, որուն հայկական երգերու մեկնաբանութիւնը, մասնաւորաբար, գերազանցապէս տոհմաշունչ է եւ՝ հաղորդական:

 

Բաւականաչափ մեծ տարիքով Մանուկ Կարապետեանի անունին յաճախ կարելի է հանդիպիլ «Երիտասարդ ձայներ» խորագրին տակ երեւցող սկսնակ եւ երիտասարդ բանաստեղծներու նուիրուած սիւնակներուն մէջ: Գրական յաւակնութիւններ ունեցող այս «երիտասարդը» երկու քերթուածներ «Գարուն» եւ «Ձմրան առաւօտ» զետեղած է «Սովետական Գրականութիւն», ամսաթերթի յուլիսի թիւին մէջ: Քերթուածներէն «Գարունը», բառերու աննշան փոփոխութիւններով կը յիշեցնէ Համօ Սահեանի նոյնիմաստ բանաստեղծութիւնը՝ գրուած երկու տարի առաջ, 1960 Յուլիս 15-ին։