Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

«Հայրենիք»-ի 5 Սեպտեմբերի թիւին մէջ կ'ըսէր կը կարդանք.- Հ.Ե. Դաշնակցութեան 29-րդ Ողիմպիականի մրցումները տեղի ունեցան Կիրակի, 2 Սեպտեմբեր, կէսօրէ ետք, «Քանքըրտ Էվընիւ սթատիըմ»-ի մէջ:

Օրուան ատենապետ Ստեփան Տիւլկերեան բարի գալուստ մաղթելով բոլոր մարզիկներուն ու հանդիսականներուն՝ հրաւիրեց Անահիտ Չենկելեանը, որ երգեց ամերիկեան ազգ. քայլերգն ու «Մեր հայրենիքը»: Ապա հայր Թորգոմ Յակոբեանի աղօթքով ու հակիրճ խօսքերով ընթացք տրուեցաւ յայտագրին: Ի միջի այլոց ուղերձներ ըրին՝ հազարապետ Հենրի Պնրի՝ կառավարիչ Ճոն Վոլփիի իբրեւ ներկայացուցիչ, Սելեքթմեն Հաւըրտ Շարփ, եւ ՀՅԴ, ԿԿ-ի կողմէ ընկ. Սարգիս Տէր Պետրոսեան: Ողիմպիականի ջահը վառեց նախորդ տարուան յաղթական Ուսարի խումբին ներկայացուցիչը: Բացառիկ յաջողութիւն արձանագրեցին Շաբաթ օրուան եւ Կիրակիի պարահանդէսները ու Երկուշաբթի օրուան դաշտահանդէսը, «Հայաստան քեմփ»-ին մէջ: Հինգ վեց հազար հոգի ներկայ եղան դաշտահանդէսին, ինչ որ աննախընթաց թիւ մը կը նկատուի:

Երեւանի թերթերը ցաւով կը գուժեն մահը ծանօթ գրագէտ Սարգիս Սարեանի: Ողբացեալը ծնած էր Նոր Նախիջեւան, 1917-ին: Նախնական կրթութիւնը ստացած էր Երեւանի կեդրոնական ցուցադրական դպրոցը, ապա 1935-ին մտած էր Երեւանի կեդրոնական ցուցադրական դպրոցը, ապա 1935-ին մտած էր պետական համալսարանի բանասիրական ճիւղը, հուսկ, ուրեմն,  1945-47-ին Խորհրդային Միութեան ակադեմիան համաշխարհային գրականութեան բաժինը: 1945-էն ի վեր անդամ էր Հայաստանի Գիտութիւններու ակադեմիայի գրականութեան կաճառին: Սարգիս Սարեան բազմահմուտ գիտելիքներու եւ բարձր ճաշակի տէր գրագէտ մըն էր, որ կը տիրապետէր քանի մը լեզուներու: Ճանչցուած էր իբրեւ եւրոպական գրականութեան վերածնունդի շրջանի լաւագոյն մասնագէտներէն մէկը: