Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Հ. Յ. Դ. Երիտ. միութեան Գոքինիոյ խումբերը, այս տարի իրենց հերթական ժողովներէն զատ կազմակերպեցին պտոյտներ եւ միջանդամական հաւաքոյթներ։

Այսպէս, «Սօսէ-Պալեան» խումբը կազմակերպեց միջանդամական պար-հաւաքոյթ մը, որ տեղի ունեցաւ ընկ. Ե. Պարոնեանի բնակարանին մէջ։ Հաւաքոյթին ներկայ էին՝ անդամ-անդամուհիները, Պէյրութէն ճեմարանի մեր շրջանաւարտները եւ Երիտ. Կեդր. վարչութեան ներկայացուցիչները։ Ընկ. խմբապետուհին քանի մը խօսքով հաւաքոյթը բանալէ ետք, առաջարկեց որ, ներկաները թամատա մը ընտրեն։ Ընտրուեցաւ ճեմարանաւարտ մեր ընկերներէն Յ.  Մխիկեան, որ ձեռնհասօրէն վարեց հաւաքոյթը։ Ընկ. Գ. Գզրեան իր գեղեցիկ ձայնով մեներգեց եւ ընկ. Կ. Մարկոսեան ապրումով արտասանեց։ Ապա պատմուեցան անեքթոտներ եւ եղան խաղեր։ Ներկաները հիւրասիրուեցան տանտիրուհիին եւ վարչութեան կողմէ։


«Սօսէ-Պալեան» խումբը, Յունաց Աստուածածինի տօնին օրը, կազմակերպեց պտոյտ մը դէպի Տիլէսիի ծովափը։ Առաւօտեան ժամը 5-ին, խումբի ընկեր-ընկերուհիները, ծնողներու մասնակցութեամբ, ճամբայ ելան դէպի Տիլէսի։ Ճամբու ընթացքին գործադրուեցաւ ճոխ յայտագիր մը։ Ընկերներ Կ. Վարդանեան եւ Մ. Աջապահեան հայկական օփերէթներէ երգեցին զանազան կտորներ։ Երկու ընկերները նմանապէս ըրին սրամիտ զուարճախօսութիւններ։ Բոլորին կողմէ երգուեցան ազգային եւ յեղափոխական երգեր։ Մէկուկէս ժամուան հաճելի ճամբորդութենէ մը ետք, հասան որոշուած վայրը։ Խումբին մէկ մասը ուղղուեցաւ դէպի ծառախիտ անտառը՝ մէկ մասն ալ՝ ծովու գեղեցկութենէն հմայուած՝ նետուեցաւ ջուրերուն մէջ։ Կէսօրուան ճաշէն եւ քանի մը ժամուան հանգիստէն ետք, բոլորը հաւաքուեցան եւ սկսան հնչեցնել երգեր։ Ժամանակը բաւական յառաջացած ըլլալուն ակամայ վերադարձան Աթէնք։