Յ. Անասեան լոյս ընծայած է իր մէկ նոր աշխատութիւնը «ԺԵ. դարի ազատագրական շարժումներն Արեւմտեան Հայաստանում»։
Աշխատութեան մէջ նոր եւ հարուստ նիւթերու հիման վրայ Անասեան կը քննէ Արեւմտահայութեան ԺԷ. դարու պատմութեան հետ կապուած հարցերը։ Ցոյց կուտայ, որ 60-ական թուականներուն Արեւմտահայութեան մէջ թրքական տիրապետութեան դէմ յառաջ եկած է ազատագրական շարժում, որ կապուած էր Յոյներու, Ասորիներու եւ Վրացիներու շարժումներուն հետ եւ տեւած մինչեւ 80-ական թուականները։
Երեւանի կեդրոնական գրադարանին մէջ բացուած է Հայաստանի ընդերքի հարստութիւններուն նուիրուած ցուցահանդէս մը, ուր զետեղուած են վերջին հարիւր տարուան ընթացքին Հայաստան եւ այլուր հրատարակուած հանքաբանական գիրքեր՝ մեր երկրի հանքերուն վերաբերեալ։ Հայ երկրաբանները ցարդ յայտնաբերած են 30 տեսակ հանածոներու աւելի քան 200 հանքեր եւ 300է աւելի զանազան հանքային աղբիւրներ, որոնց մեծ մասը ունի բուժիչ յատկութիւն։
1650 տարի առաջ ստեղծուած Խոսրովի անտառը Հայաստանի տեսարժան եւ պատմական վայրերէն մէկն է։ Միեւնոյն ատեն Խոսրովի անտառը իր բուսական եւ կենդանական հարուստ աշխարհի եզակի արգելանոց մըն է։ Ներկայիս անոր ընդհանուր տարածութիւնը կը հասնի 27.111 հեկտարի, որմէ անտառապատ է 15 հազարը։ Յառաջիկայ հինգ տարիներուն, Խոսրովի անտառին ընդհանուր տարածութիւնը պիտի հասնի 30.000 հեկտարի։ Կենդանիներուն համար կան բոլոր նպաստաւոր պայմանները։ Այսպէս, Արեւշատի շրջանը, երբ գարնան կը ծաղկին ծառերը, անտառին Գեղարդի շրջանին մէջ դեռ նստած կþըլլայ ձիւնը։ Կլիմայական այս հակադրութիւնները կարելիութիւն կուտան անտառին մէջ ապրող կենդանիներուն յարմարիլ իրենց ուզած կլիմային, ըստ տարուան եղանակներուն։