30 հայ գիտնականներ ու բժիշկներ մասնակցեցան Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցող համաշխարհային հակաքաղցկեղային խնդիրներու համաժողովին:
Պատուիրակութեան ղեկավարն էր ակադեմիկոս Բ. Ֆանարջեանը, որուն ղեկավարութեան տակ կ՛աշխատի վերջերս Ամերիկա այցելող քաղցկեղի մասնագէտ տոքթ. Սիմոն Պապոյեան: Փրոֆ. Բ. Ֆանարջեան համաժողովի մէջ հանդէս եկաւ «Ստամոքսի քաղցկեղի կանխա-քննութիւնը» նիւթին շուրջ խօսելով: Ուրիշ զեկոյցներ կարդացին՝ բժիշկ Կ. Բաղիկեան, Գ. Դանիէլեան: Խօսեցան նաեւ փրոֆեսէօրներ՝ Ի. Գէորգեանը, Ա. Ահարոնովը, Վ. Մալխասեանը, Ս. Զոհրաբեանը, Պ. Մարգարեանը, Ս. Աթանէսեանը եւ ուրիշներ: Քաղցկեղի համաշխարհային քոնկրեսին ներկայ եղան 70 զանազան երկիրներու 5000 մասնագէտներ: Մամուլի տուած տեղեկութեանց համաձայն, Միացեալ Նահանգներէ այդ համագումարին մասնակցած են քաղցկեղի մասնագէտ 1000 բժիշկներ, Խորհրդային Միութենէն՝ 1500 բժիշկներ:
Հանրապետութեան նախագահին այցելութենէն մէկ շաբաթ վերջ, Քեսապ դարձեալ տօնական կերպարանք կը զգենուր: Աւանդական «Հերիսայի տօնը» կը զուգադիպէր Օգոստոս 13-ին: Սուրիոյ բոլոր քաղաքներէն բազմութիւններ փութացած էին Քեսապ: Պէտք է ըսել, թէ այս տարի բացառիկ խանդավառութիւն կը տիրէր, եւ ուխտաւորներուն թիւը կը գերազանցէր անցնող տարիներուն թիւերը: Հալէպէն, առաջնորդ հայրը Ղեւոնդ սրբազան, Արամօ գացած էր եւ անկէ ժամանեց Քեսապ: Առաւօտուն պատարագ մատուցուեցաւ Էսկի Էորան գիւղի նորակառոյց մատրան մէջ: Ս. պատարագէն ետք, առաջնորդ հայրը հսկայ սօսիին տակ եփուող հարիսայի 15 կաթսաները օրհնեց, ապա ժողովուրդը պնակներ ի ձեռին՝ խուժեց կաթսաներուն վրայ, ըս- տանալու համար համեղ եւ աւանդական հարիսան: Միւս կողմէ, զոյգ թմբուկներ օդը կը դղըրդացնէին, եւ երիտասարդներ պար բռնած՝ կը դառնային ու կը դառնային Քեսապի աւանդական պարը պարելով: