Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Վենետիկէն կը գրեն «Յառաջ»-ի. Այս տարուան Աստուածածնայ Կիրակին, 12 Օգոստոս, Ս. Ղազարի համար եղաւ երրեակ հանդիսութեանց օր. Վերափոխման եւ խաղողօրհնէքի հայրապետական պատարագ, ձեռնադրութիւն՝ երկու  նոր միաբաններու, բացում՝ Մխիթարեան ուխտի հիմնադիր մեծն Մխիթարի արձանին:

Իտալիոյ հայաբնակ քաղաքներէն եւ սահմանակից երկիրներէն մեծ թիւով հայեր եկած էին «փոքրիկ Հայաստան»՝ հայկական աղօթքի եւ յուշի մեծ օր մը ապրելու: Ս. Ղազարի կղզիին մուտքի ելարանին ծաղկազարդ, դալարապատ, սիրուն հրապարակին աջակողմը կը կանգնի այսօր սեբաստացի Մանուկ Մխիթարին արձանը: Հանդիսութեան կը նախագահէր կարտինալ Աղաճանեան: Արձանի բացումէն անմիջապէս ետք, գերպ. Ամատունի խօսք առաւ յանուն միաբանութեան, Մխիթարի յիշատակին՝ իր անչափ սիրոյ զգացումը արտայայտեց կարտինալ Աղաճանեան: Յաջորդաբար իրենց յարգանքի խօսքը ըրին՝ Վենետիկի կուսակալը, քաղաքապետը եւ կարտինալ Ուրպանի՝ իր հուսկ բանով: Յուշարձանին ամբողջութեան ձեռակերտ հեղինակն է իտալացի անուանի քանդակագործ փրոֆ. Անթոնիօ Պաճճիօ: Մարմարեայ քառանկիւն բարձր պատուանդանին վրայ պղնձաձոյլ եւ գլխափառ, իր մեծ հայու ազգանուէր վաստակին ամբողջ մեծութեամբ կանգնած է Մխիթար Սեբաստացի՝ թեւերը տարածած դէպի արեւելք՝ աչքերը սեւեռած դէպի աշխարհը հայոց: Վենետիկի թերթերը, ինչպէս նաեւ Միլանոյի «Քոռիէռէ տելլա Սեռա»-ն անդրադարձած են Մխիթարի կեանքին ու գործին:

Վերջերս իր մահկանացուն կնքած է Ուաթրվլիթէ (Նիւ Եորքի նահանգ) դաշնակցական ընկեր  Տիգրան Կորվիցեանը, որուն կտակէն պարզուեցաւ, թէ ան ընտանեկան անմիջական գուրգուրանքին հաւասար հոգատարութեամբ եւ սիրով՝  աւելի քան 21,000 տոլար կտակած է Հիւս. Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէին, Պէյրութի Ազգային բուժարանին, Նշան Փալանճեան ճեմարանին եւ Քարէն Եփփէ ճեմարանին: