Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Գահիրէի մեր պաշտօնակից «Յուսաբեր» (6 օգոստոս) կը գրէ. Երէկ‘ կիրակի, խուռներամ եւ խանդավառ բազմութիւն մը ժամանակէն առաջ ներկայ էր «Յառաջդիմասէր»-ի քերմեսին:

Ընդարձակ պարտէզը նեղ կու գար. տեղի չգոյութեան պատճառով շատեր հարկադրաբար մեկնեցան հանդիսավայրէն: Հանդիսութեան ներկայ էին նաեւ «Յուսաբեր» մշակութային ընկերակցութեան յարգելի անդամները‘ նախագահ Աւետիս Չագըճեանի հետ: Օրուան մասին կուռ եւ խանդավառ բանախօսութիւն մը ըրաւ Լեւոն Յովհաննէսեան: Հանդիսութիւնը վարեց Վահան Գաւուքճեան: Գործադիր մարմինը իր կարելին ըրաւ բարոյական եւ նիւթական յաջողութիւն մը ապահովելու համար: Մեր ժողովուրդը մասնակից եղաւ կատարուած ջանքերուն եւ առանց այլեւայլի իր օժանդակութիւնը բերաւ: Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը, որուն մասնակցեցան Գարեգին Կիւրիւնլեան, Հայկանոյշ Քէօլէեան եւ արուեստագէտ Մարտիրոս Շատախճեան: Տեղի ունեցան սպանական, կովկասեան, իտալական եւ այլ խմբապարեր:

 

Արեւմտեան Գերմանիոյ Միւնիխ քաղաքին մէջ հիմնուեցաւ հայկական նոր գաղութ մը: Նորաստեղծ այս համայնքը արդէն ունի իր վարչութիւնը, որուն մաս կը կազմեն հայրենասէր, գործունեայ, զանազան մասնագիտութեան տէր մարդիկ: Համայնքը կոչուած է նպաստելու գլխաւորաբար Միւնիխի մէջ բնակող երկու հարիւրէ աւելի հայերու մշակութային, կենցաղային, բարոյական պահանջներու բաւարարման գործին:
Պէտք է նշել, որ նորաստեղծ հայկական այս համայնքը գրեթէ ութսուն տոկոսով բաղկացած է երիտասարդներէ, որոնք տարբեր երկիրներէ եկած են Արեւմտեան Գերմանիա‘ ուսանելու եւ կամ զանազան մասնագիտութիւններ ձեռք բերելու նպատակով: Գաղութի վարչութեան ներկայացուցիչին հաղորդումով‘ ծրագրուած է Միւնիխի մէջ կառուցել փոքրիկ եկեղեցի մը, որուն կից պիտի բացուի նաեւ դպրոց, մասնաւորաբար‘ հայոց լեզուի համար: