Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Ամերիկեան գիտական շրջանակներէ կը հաղորդուի, թէ կը շարունակուին եռանդուն ճիգեր՝ մինչեւ 1970 կամ նոյնիսկ 1967 թուականը երեք ամերիկացիներ ղրկելու համար լուսին. Այս ծրագիրը ծանօթ է՝ «Ծրագիր Ափոլօ» անունով, եւ հարիւրաւոր գիտական աշխատանոցներու ու գործարաններու մէջ կ՛աշխատին անոր իրագործման համար: Ամերիկացիք կը հաւատան, թէ ռուսերը պիտի չկրնան աւելի առաջ լուսին հասնիլ:

Սակայն ո՛վ որ ալ յաջողի, այդ պիտի ըլլայ պատմութեան մէջ աննման դէպք մը: Ոչ Քոլոմպոսի կողմէ Նոր Աշխարհի գիւտը եւ ո՛չ ալ Ռայթ եղբայրներու կողմէ օդանաւային առաջին թռիչքը կրնան համեմատուիլ անոր, իր ունենալիք հետեւանքներով: Մարդը, իր ամբողջ գոյութեան ընթացքին, ծանրութեան զանգուածային սեղմումներով եւ թշնամի անջրպետով, սահմանուած էր ապրելու իր այս փոքր մոլորակին վրայ, մինչեւ 12 օգոստոս 1961, երբ խորհրդային հազարապետ Եուրի Կակարին, առաջին մարդը ըլլալով, անջրպետանաւով մը դարձաւ երկրին շուրջ: Յաղթահարելով այդ սեղմումները եւ լուսին հասնելով՝ մարդը, առաջին անգամ ըլլալով, ոտք պիտի դնէ երկնային մարմնի մը վրայ, տարբեր՝ իր ծնած մոլորակէն: Ան պիտի տիրանայ Ռոսեթթա քարին, զոր ուսումնասիրելով՝ պիտի կրնայ հասկնալ արեգակնային դրութեան ծագումը: Ան առած պիտի ըլլայ նաեւ, տիեզերքի մէջ, առաջին քայլը, որուն ուր կանգ առնելը ոչ ոք կրնայ ըսել: Նոյնիսկ եթէ ձախողի առաջին արշաւանքը, ուրիշներ պիտի յաջորդեն, եւ պիտի յաջողին լուսնի վրայ մնալ՝ հոն հաստատելով, գիտական ու թերեւս   զինուորական կայաններ:

- Հայաստանի կրթական նախարարութեան մասնաւոր հրաւէրով՝ ծովու ճամբով Լիբանանէն եւ Սուրիայէն Հայաստան մեկնած են հայկական կրթական հաստատութեանց մէջ պաշտօնավարող 17 ուսուցիչներ։ Մօտ երկու ամիս անոնք պիտի մնան Հայաստան եւ պիտի հետեւին մանկավարժական դասախօսութիւններու, պիտի  այցելեն կրթական ու մշակութային հասատատութիւնները եւ տեսարժան վայրերը։