Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Փարիզէն երեք գրագէտներ՝ Շ. Նարդունի, Կ.Փոլատեան եւ Պ. Սնապեան շրջապտոյտի ելած են դէպի գաւառ եւ յաջորդաբար այցելած են Մարսիլիա, Նիս, Տեսին եւ Լիոն, ուր ազգային ոգիով ապրող խանդավառ բազմութիւններու  ներկայութեան՝ անոնք ոգեկոչած են յիշատակը բոլոր հայերուն վրէժը լուծած ու բոլոր հայերուն պաշտամունքի առարկան դարձած Սողոմոն Թեհլիրեանի։ Այս հանդիսութիւններուն նախագահած է Շ. Նարդունի, իսկ հերոսին

անձը եւ հերոսական արարքները վերլուծած են Կ. Փոլատեան ու Պ. Սնապեան։ Մարսիլիոյ մէջ, երեք գրագէտներու կարգին, Թեհլիրեանի մասին խօսած է նաեւ ընկ. Ա. Քէօսէյեան, հերոսին կատարած բոլոր ահաբեկումներուն ու Թալէաթին ահաբեկման դրուագներու պատմութիւնը տալով։ Նախագահը՝ նախ յիշած է Թալէաթի դիակը Թուրքիա փոխադրելու պարագան եւ ըսած է թէ՝ Թուրքերը ոչ միայն չեն մոռցած իրենց ծնած ոճրագործը, այլեւ անոր դիակին փոխադրութեամբ ցոյց տուած են թէ՝ կը գնահատեն անոր գործած ոճիրը, կեցած են անոր կողքին։ Հարկադրաբար, մենք հայերս պէտք է գիտակից կեցուածքով եւ հպարտութեամբ պանծացնենք Ս. Թեհլիրեանի յիշատակը, բայց մեզի համար Թեհլիրեան անձ մը չէր։ Անիկա գաղափար մըն է, արդարութեան գաղափարը, ոճիրին դէմ ցցուելու հայ ժողովուրդին կամքը։ Առաջին խօսողը Պ. Սնապեան, նկարագրած է Սողոմոն Թեհլիրեանի գործը, Թալէաթին ահաբեկումի հոգեբանական պահը, այդ ժամանակին մէջ հայ ժողովուրդին ներկայացուցած վիճակը ու բացատրած Թեհլիրեանի արձակած գնդակին դերը, որ աստուածային ձայնի մը պէս հնչեց ու կեանքին վերադարձուց հայութեան մնացորդացը։ Երկրորդ խօսողը՝ Կ. Փոլատեան, վերջին հարիւրամեակին հայոց պատմութեան էջերը զարդարող հերոսներու փաղանքին թիւ մէկ հերոսը յայտարարած է Ս. Թեհլիրեանը։ Յետոյ  ըսած է թէ՝ Ս. Թեհլիրեանի արարքին ի լուր, իրենց հոգիներուն մէջ յանկարծօրէն կատարուած է բուժումը, ապրելու եւ տեւելու կամքը։