Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Սան Ֆրանսիսքոյի «Ճեք Թար» պանդոկի  սրահներուն մէջ տեղի ունեցած է Ամերիկայի արեւմտեան 16 նահանգներու լուսանկարիչներու համագումարը եւ նկարներու ցուցահանդէսը: Աւելի քան 1000 լուսանկարիչներ մասնակցած են համագումարին, որոնց մէջ կը գտնուէր նաեւ տաղանդաւոր հայ լուսանկարիչ Գուրգէն Րիւզկէրեան, Փասատինայէն: Համագումարի  գեղարուեստական յանձնախումբը իրեն ներկայացուած

հազարաւոր նկարներէն ցուցահանդէսի համար ընտրած էր 200 նկարներ միայն: Հայ արուեստագէտը՝ Գուրգէն, միայն 4 նկարներ ներկայացուցած էր, եւ չորսն ալ արժանի նկատուած են ցուցադրութեան: Համագումարի վերջաւորութեան, գեղարուեստական յանձնախումբի 10 անդամներէն 8-ին մեծամասնութեամբ Գուրգէն Րիւզկէրեանի երեք նկարները յայտարարուած են որպէս լաւագոյն նկարներ, որով համագումարի նախագահութիւնը իրեն յանձնած է առաջնութեան պատուոյ մետալը: Մրցանակ շահած այդ նկարներէն երկուքը կը ներկայացնեն երկու հայ արուեստագէտներ՝ ջութակահար Ճորճ Սանինեան եւ նկարիչ Քէրօ Այնաեան: Ամերիկեան թերթեր արձագանգ եղած են համագումարին եւ դրուատալի տողեր նուիրած՝ հայազգի արուեստագէտին մասին: Վերջին տասնամեակի ընթացքին վեցերորդ անգամն է, որ Գուրգէն Րիւզկէրեան ամերիկեան եւ միջազգային ցուցահանդէսներու մէջ առաջնութեան մրցանակներ շահած է:  Իր ամենամեծ յաղթանակը եղաւ անցեալ տարի Շիքակոյի մէջ, ուր 35 հազար լուսանկարիչներու համագումարին մէջ Գուրգէնի ներկայացուցած չորս նկարները առաջնութիւն շահեցան, եւ ստացաւ ոսկի մետալը:

- Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ թաղականութեան եւ Լուսինեան ազգային երկսեռ վարժարանի հոգաբարձութեան ներկայացուցիչներու մէկ մասնաւոր այցելութեան առթիւ, ուրախութեամբ իմացանք որ Ֆրեզնօ  բնակող երկու ազնուական հայորդիներ 500 տոլարի նուիրատուութիւն մը ըրած են մանկապարտէզի շինութեան ֆոնտին: