Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Անցեալին եկեղեցին կը հանդիսանար Լոնտոնի հայութեան կեդրոնավայրը: Այսօր Լոնտոնի գաղութը իր տունը ունի. գեղեցիկ, կոկիկ, բոլոր յարմարութիւններով օժտուած շքեղ տուն մը: Ամէն տեղ շինարար հայը կը հիմնէ իր դպրոցները, եկեղեցիները եւ

ակումբները: Լոնտոնի հայութիւնը՝ կենդանի մասնիկը մեր ցրուած ժողովուրդին, գիտակից իր հայկականութեան, հայ լեզուին, կրօնին, հայապահպանման հաւատարիմ պահակն է: Մեծ նիւթական զոհողութիւններով, մեծ ջանքերով, նուիրումով հիմնեց իր տունը: Պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ 17 Յունիս 1962-ին: Հոծ բազմութիւն մը ներկայ էր: Բացումը կատարեց գաղութին առաջնորդը՝ Պսակ եպս. Թումայեան: Օրհնեց Հայկական տունը՝ յայտնելով իր ուրախութիւնը: Ապա Հայկական տան յանձնախումբին նախագահը՝ Պենլեան խօսեցաւ անգլերէն եւ բացատրեց, թէ ինչպէս 16 տարիներ առաջ յղացան Հայկական տան հիմնումին գաղափարը, որ այսօր արդէն իրականութիւն մըն է: Յարգելի նախագահին յաջորդեց Պ. Խաչատուրեան, որ խօսեցաւ հայերէն եւ իր խորհրդակցութիւնները ընելէ ետք, յիշեց որ «Դրօշակ» թերթին առաջին թիւը տպուած է Լոնտոն: Լոնտոնի Հայ երիտասարդաց միութեան կողմէ խօսեցաւ Պ. Մահտեսեան՝ շեշտելով, որ երիտասարդացը միշտ եղած է աշխուժ միութիւն մը, պատրաստ՝ օժանդակելու եւ գործելու Հայկական տան բարգաւաճման համար: Հայկական տունը բոլորին տունն է՝ առանց խտրականութեան: Բոլոր հայերուն կեդրոնը: Ամէն հայ երբ ներս կը մտնէ Հայկական տան դուռէն, իր գաղափարի եւ կուսակցական «շապիկը» պէտք է հանէ եւ փոխարինէ զայն հայութեան շապիկով: Հայկական տունը խմբակի մը մենաշնորհը չէ եւ պէտք չէ ըլլայ բնաւ: Հայկական տունը հայ հոգիին վսեմ եւ քաղցր յարկն է: Այս գիտակցութեամբ եւ սկզբունքով, որ ինքնին Հայկական տան յանձնախումբին սկզբունքն է արդէն, կը հաւատանք, որ Լոնտոնի հայ գաղութը եւ իր կեդրոնավայրի վարիչները համերաշխ հոգիով եւ արդիւնաբեր գործունէութեամբ կը յարատեւեն եւ կ՛ըլլան օրինակելի:
Ղ. ԺԻՐԱՅՐ «Յառաջ»