• Ֆիքսի «Արշալոյս-Ջամալեան»  խումբը, պաղպաղակասեղան մը սարքեց ի պատիւ աւետարանական եւ Ազգ. Միացեալ վարժարաններու այս տարուայ շրջանաւարտներուն: Այս պաղպաղակասեղանին ներկայ էին նաեւ՝ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդացի Կեդր. Վարչութեան անդամները, Ֆիքսի Ազգ. Միացեալ վարժարանի տնօրէնութիւնը եւ Ֆիքսի Պատանեկան «Սաթենիկ» եւ «Վազրիկ» խումբերու անդամները: Ընկ. Մարգար Շարապխանեանի հակիրճ բացման խօսքերէն ետք, հայրենասիրական եւ ազգային զանազան արտասանութիւններ եղան ու երգեր երգուեցան: «Արշալոյս-Ջամալեան» խումբի անդամներէն ընկ. Գրիգոր Դերձակեան, զուարթ  մենախօսութիւն մը կատարեց: Հ. Յ. Դ. Երիտասարդացի Կեդր. Վարչութեան անդամներէն՝ ընկ. Մանուկ Մանուկեան, շնորհաւորելէ ետք շրջանաւարտները, թելադրեց ներկաներուն անդամագրուիլ Հ. Յ. Դ. Երիտասարդացի շարքերը, որպէսզի կարողանան իրենց ստացած հայեցի դաստիարակութիւնը կատարելագործել: Ապա խօսեցաւ Ֆիքսի Ազգ. Միացեալ վարժարանի տնօրէն՝ ընկ. Օննիկ Զաքարեան, որ իր խօսքերով ոգեւորեց ներկաները եւ խանդավառ մթնոլորտ մը ստեղծեց: Յետոյ, բոլոր ներկաները հիւրասիրուեցան պաղպաղակով:

  • Յայտնի հրապարակագիր եւ «Ամէնուն Տարեգիրք»ի հրատարակիչ ընկ. Կարօ Գէորգեան, որ անցեալ Մարտի վերջերէն ի վեր Միացեալ Նահանգներ կը գտնուի, Ամերիկայի եւ Գանատայի հայաշատ գաղութներուն իր այցելութիւնները վերջացուցած ըլլալով՝ վերադարձած է Պոսթըն, ուր մէկ քանի շաբաթ մնալէ  ետք, ճամբայ պիտի ելլէ դէպի Եւրոպա: Ընկ. Գէորգեան նախ պիտի հանդիպի Ֆրանսա,   ապա՝ Յունաստան: Օգոստոսի վերջերը պիտի վերադառնայՊէյրութ, 1962-ի Տարեգիրքի պատրաստութեան սկսելու համար: