Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

- Թուրքիոյ ծերակոյտի նախագահ Իւրկիւպլիւ ամսոյս 18-ին փոխադարձ այցելութիւն մը տուած է Պոլսոյ հայ պատրիարքին: Մեծ պատիւներով ընդունուած է ան: Իւրկիւպլիւ յայտնած է, որ երբ տարիներ առաջ Հալք կուսակցութեան ներկայացուցիչն էր, բազմաթիւ անգամներ այցելած է Գումգաբու,

հետեւաբար թաղը անծանօթ չէր իրեն: Պ. Մարթայեան պատմականը ըրած է Թուրքիոյ հայոց պատրիարքարանին եւ ըսած է, թէ անցած տարի պատրիարքութեան հաստատման 500-ամեակն էր: Պատմած է նաեւ Ֆաթիհի հրամանով 1461-ին հաստատուած էր հայոց պատրիարքական աթոռը: Իւրկիւպլիւ հետաքրքրութեամբ հետեւած է տրուած բացատրութիւններուն: Հետաքրքրուած է նաեւ համայնքային հարցերով: Խոստացած է իր աջակցութիւնը բերել իր կալուածներու եւ վագըֆներու վարձքերու վերաբերեալ պատրիարքարանի ձեռնարկներուն: Ծերակոյտի նախագահը մօտ մէկ ժամ սիրալիր տեսակցութիւն ունենալէ ետք պատրիարքին հետ, մեկնած է:


- Գամիշլիի մէջ, հիւսիսային Սուրիա, ազգային  հանգանակութեան մը ձեռնարկուած է առաջնորդարանի եւ դահլիճի բազմածախս շինութեան համար: Առանց փողի եւ թմբուկի՝ ձեռնարկը յաջողութիւն գտած է: Քանի մը բարեսէր ազգայիններ, Ճեզիրէի առաջնորդ Տաճատ արք.ի հետ համախորհուրդ, զիրար քաջալերած են: 50,000 ս. ոսկիի նուիրատուութիւն մը բացուած է՝ հիմնելու Ազգային առաջնորդարան մը, իր կահաւորուած բազմաթիւ սենեակներով ընդարձակ դահլիճ մը՝ արդիական իր կառուցուածքով:

- 12 Յուլիսին, ռումանական հեռատեսիլը, թատերական հաղորդումի միջնարարին, կատարած է հաղորդում մը կերպարուեստի մասին, որ նուիրուած է անուանի նկարիչ Մարտիրոս Սարեանին: Յուլիս 19-ին Պուքրէշի Ստեփան Շահումեանի անուան մշակութային տան մէջ տեղի ունեցած է Մեսրոպ Մաշտոցի ծննդեան 1600-ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւն մը: