Ֆրանսահայ Ժաքլին Թիւթիւնճեան, 17-ամեայ հայուհի մը, անօրինակ քաջագործութեամբ մը արժանացած է իր թաղեցիներուն եւ պաշտօնական մարմիններու հիացումին:
Արդարեւ, 4 Յուլիս, Չորեքշաբթի, Ժաքլին, իրենց դրացի նպարավաճառատան մէջ կը գտնուէր կարգ մը գնումներ ընելու համար, երբ դիմակաւոր կանկսթեր մը, զէն ի ձեռին, ներս կը խուժէ եւ կը սպառնայ սպաննել բոլորը, եթէ որեւէ շարժում ընեն: Նպարավաճառն ու այլ յաճախորդներ ահաբեկած՝ իրենց ձեռքերը վեր կը բարձրացնեն եւ աւազակը կը սկսի պարպել դրամարկղը, երբ… յանկարծ Ժաքլին շիշ մը վերցնելով՝ կ՛իջեցնէ գողին գլուխին: Արիւնլուայ եւ զգայազիրկ վիճակի մը մէջ գետին փռուող իրենց ընկերը տեսնելով՝ դուրսը պահակ սպասող չորս կանկսթերները աճապարանքով կը նետուին իրենց ինքնաշարժին մէջ ու խոյս կու տան: Քիչ յետոյ կը հասնին ոստիկանները եւ կը ձերբակալեն ոչ միայն ուշակորոյս պառկող աւազակը, այլեւ՝ անոր ընկերները: Ժաքլինի այս քաջագործութեան լուրը անմիջապէս կը տարածուի թաղեցիներուն մէջ:
«Մանկավարժութեան հայրը» կոչուած Ժան-Ժաք Ռուսոյի ծննդեան 250-ամեակը կը տօնուի այս տարի եւրոպական երկիրներու, մանաւանդ Ֆրանսայի եւ Զուիցերիոյ մէջ, որոնք չեն կրնար բաժնել իրենց միջեւ անուանի փիլիսոփան: Ծնած է 1712-ին Ժընեւ, եւ ապրած՝ արկածալից, աստանդական եւ անձկագին կեանք մը՝ յաճախ հալածուելով իր քաղաքական ու ընկերային գաղափարներուն պատճառով, որոնք մեկնակէտեր եղած են ֆրանսական յեղափոխութեան եւ վիպապաշտ գրականութեան համար: Իր անձնական կենցաղին մէջ ալ ինքնատիպ եղած է Ռուսօ՝ կրելով արեւելեան տարազ մը, որ «հայկական» կոչուած է, թերեւս՝ հայ դերձակի մը կողմէ պատրաստուած ըլլալուն պատճառով: Այսպէս, ակամայ, կամ գուցէ՝ գիտակցաբար «երազկոտ մենաւորը» իրեն հետ ամէն տեղ պտտցուցած է «հայ» մակդիրը եւ ծանօթացուցած՝ հայուն անունը: Այս նիւթին մասին Սարգիս Պօղոսեանի ֆրանսերէն յօդուածը լոյս տեսած է «Թրիպիւն տը Ժընեւ» թերթին Ռուսոյին նուիրուած բացառիկ թիւին մէջ: