Յուլիսի մէջ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Գարէայի նորընտիր վարչութիւնը պաղպաղակասեղան-հաւաքոյթ մը կազմակերպած էր իր ակումբին պարտէզը։
Ներկայ էին՝ Գարէայի անդամները, մարզասէրները, Թաղական խորհուրդը, ինչպէս նաեւ Շրջ. վարչութեան ատենապետ եղբ. Պատրիկ Սարգիսեան եւ եղբ. Լ. Գայեան։ Տեղի ունեցան արտասանութիւններ, վիճակահանութիւն եւ պարեր։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջ. վարչութեան ատենապետ եղբ. Պ. Սարգիսեան խօսք առնելով՝ գնահատեց Գարէայի մասնաճիւղին բեղուն գործունէութիւնը եւ ի միջի այլոց յայտարարեց թէ՝ հելլէն բարեխնամ կառավարութիւնը հողամաս մը տրամադրած է Գարէայի մէջ հայ եկեղեցի մը կանգնելու համար։ «Եկեղեցի, դպրոց եւ Հ.Մ.Ը.Մ. անհրաժեշտ են մեր ազգապահպանման համար», ըսաւ եղբ. Սարգիսեան։ Գարէայի Թաղ. Խորհուրդի ատենապետ պրն. Ժիրայր Կիւզէլեան պատշաճ խօսքերով թելադրեց հայ մնալ եւ հայ ապրիլ։ Շեշտեց թէ՝ Գարէայի մէջ ազգապահպանման հիմը դրաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ը, առաջին օրէն հաստատելով իր ակումբը եւ յաջողութիւններ մաղթեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի ձեռնարկներուն։ Եղբ. Պ. Սարգիսեան հաղորդեց նաեւ թէ՝ լողորդական մրցումները տեղի պիտի ունենան Օգոստոս 5-ին Փորթօ Երմենոյի ծովափը։ Այս առթիւ պիտի կազմակերպուի նաեւ անդամական եւ ընտանեկան արշաւ մը՝ փուլմանով։ Ներկաները հիւրասիրուեցան պաղպաղակով եւ շնորհակալութիւններ յայտնեցին Գարէայի Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատուակալ եղբ. Եր. Քէմէնչէճեանի, ատենապետ եղբ. Մ. Էրջէնեանի եւ բոլոր անդամ-անդամուհիներուն, որոնք հաճելի երեկոյթ մը պարգեւեցին նորահաստատ աւանի հայութեան եւ հիւրերուն։
Ֆրանսայի վարչապետ պրն. Ժորժ Փոմպիտու յայտարարեց թէ Միացեալ Նահանգները Ֆրանսան ճանչցած են իբրեւ կորիզային ուժ եւ հարցուցած թէ՝ պատրա՞ստ է իրենց եւ ՄԵծն Բրիտանիոյ հետ գործակցելու համաձայնութեամբ իր անատական սպառազինման գործածութեան շուրջ։ Փոմպիտու յայտարարեց թէ Ֆրանսա պատրաստ է այս հարցին շուրջ խօսելու, ժամանակի ընթացքին։