Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Յունիս 15-ին սկսած է Երեւան-Սեւան շոգեկառքերուն կանոնաւոր երթեւեկութիւնը։ 84 քիլոմեթր երկարութիւն ունեցող երկաթուղին կը կտրէ կ'անցնի Աբովեան, Հրազդան եւ Սեւան շրջանները։

Այս տարի պիտի ելեկտրականացնեն Երեւան-Հրազդան հատուածը, իսկ գալ տարի՝ մնացեալ մասը...

Յատուկ որոշումով մը, Հայաստանի Նախարարներու խորհուրդը հրահանգած է «յաջողութեամբ կատարել կերի կուտակման ծրագիրները, ու դեռ աւելին՝ ապահովել կերի առնուազն մէկուկէս տարուան պաշարները։ Նախարարներու Խորհուրդը այս առիթով դիտել տուած է թէ շատ դանդաղ կ'ընթանան խոտերու հունձքը ու միւս կողմէ դեռ պատրաստ չեն մեծ թիւով մեքենաներ եւ բեռնատար ինքնաշարժներ։

«Սով. Հայաստան» թերթը պարբերական քննութիւններ կը կատարէ այս ու այն կողմը։ Եւ ստացած տպաւորութիւնները՝ փաստերով խօսուն, կը ներկայացնէ իր ընթերցողներուն։ Երեւանի ճաշարաններուն մէջ կատարուած քննութիւն մը ցոյց կուտայ, թէ մեծ թիւով սպասեակներ կը «սխալին» իրենց հաշիւներուն մէջ, անշուշտ, միշտ ի վնաս յաճախորդին։ Տնօրէնները, խոհարարները ընդհանրապէս անբարեխիղճ են եւ ի գործ կը դնեն զանազան հնարամտութիւններ՝ քիչ քանակութեամբ սպասարկութիւն, փոքրիկ գաւաթներու գործածութիւն եւայլն... Մինչեւ իսկ ճաշարանի մը մէջ կանաչեղէնի արժէքը որոշելը թողնուած է մատուցողի խղճին»։

Բուսաբանութեան հիմնարկութիւնը սկսած է հետզհետէ ընդլայնել իր կապերը օտար երկիրներու բուսաբանական հաստատութիւններուն հետ, պարբերաբար փոխանակելով բոյսերու ծիլեր, գիտական հրատարակութիւններ։ Վերջերս հիմնարկութիւնը Պուլկարիայ, Անգլիա, Աւստրիա, Զուիցերիա ղրկած է չորս հազար բոյսերու նմուշներով։ Իր կարգին բոյսերու նմուշներ եւ գիրքեր ստացած է հիմնարկութիւնը։