Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Գոքինիոյ Հ. Յ. Դ. Երիտասարդացի խումբերու կողմէ պատրաստուած ծովագնացութիւնը դէպի Այիա Մարինայի ծովափը, տեղի ունեցաւ Յուլիս 1-ին։

Առաւօտեան ժամը 7։30-ին, մօտ վաթսուն անդամ-անդամուհիներ, Բիրէայի քարափէն պենզինանաւով ուղուեցան դէպի որոշեալ վայրը։ Նաւուն յառաջամասը գրաւած էր հայ երիտասարդութիւնը, որ ճամբու ամբողջ տեւողութեան խրախուսիչ երգերով, կատակներով խանդավառ մթնոլորտ մը ստեղծեց։ Երկու ժամուան հաճելի ճամբորդութենէ ետք խումբը հասաւ Այիա Մարինա։ Մօտակայ ճաշարանը տեղաւորուելէ ետք, մտան ծով։ Կէսօրուան ճաշը անցաւ աննախընթաց խանդավառութեան մէջ՝ երգով ու ծիծաղով։  Երեկոյեան դարձեալ ծովու լոգանք առնելէ եւ պտտելէ ետք, յոգնած բայց գոհ՝ խմբովին ուղղուեցան քարափ։ Հոն եւս  Երիտասարդացի անդամները հայկական եռուն մթնոլորտ մը ստեղծեցին իրենց երգերով, կիթառի ընկերակցութեամբ։ Ժամը 8-ին նաւը ճամբայ ելաւ դէպի Բիրէա։


Յուլիս 6-ին, երեկոյեան ժամը 10-ին, Գոքինիոյ «Զաւարեան» վարժարանի բակին մէջ, տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մասնաճիւղին կողմէ կազմակերպուած «Վոլէյ-պոլի» ախոյենական մրցաշարքի հանդիսաւոր բացումը։ Ներկայ էին՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջ. վարչութեան ատենապետ՝ եղբ. Պատրիկ Սարգիսեան, Գոքինիոյ Թաղական խորհուրդի, շրջանի Հ. Կ. Խաչի, Երիտասարդացի ներկայացուցիչները եւ ստուարաթիւ երկսեռ մարզասէրներ։ Հանդիսութեան բացումը կատարեց եղբ. Կարօ Մինասեան, որ հասարակութեան բացատրելէ ետք ձեռնարկին  գլխաւոր նպատակը, - ամառուան շրջանին շարժում եւ մթնոլորտ ստեղծել հայ երիտասարդութեան եւ հասարակութեան համար-, յայտնեց որ, այս տարուան բաժակը սիրայօժար տրամադրուած է եղբ. Յարութիւն Սարաճեանի կողմէ։ Ապա խօսք տուաւ Շրջ. վարչութեան ատենապետ՝ եղբ. Պատրիկ Սարգիսեանին, որ շեշտեց անհրաժեշտութիւնը նման մարզական ձեռնարկներու։