Թեսաղոնիկէի Ազգ. Ծաղկոց-նախակրթարանի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ, որուն ներկայ էին՝ գաղութի հոգեւոր հովիւ՝ արժ. Տ. Ղուկաս Ա. քհնյ. Ֆիլիզեան, Ազգ. Իշխանութեան կազմը, Հ. Գթ. Խաչի Շրջանային եւ տեղական,
Հ.Մ.Ը.Մ.ի, Ադամեան, Թատերասիրացի, Հ.Յ.Դ. Երիտ. միութեան վարչութիւնները, Կրթական յանձնախումբի անդամները ինչպէս նաեւ ծնողներու եւ կրթասէր երկսեռ ազգայիններու խուռն բազմութիւն մը։ Հանդէսը բացաւ Ազգ. իշխանութեան ատենապետ ընկ. Ռուբէն Գալֆայեան, որ բացատրեց հայ գրին արժէքը եւ դերը մեր ազգ. գոյութեան պահպանման մէջ եւ կոչ ըրաւ բոլորին գուրգուրալ մեր այբուբենին վրայ եւ անաղարտ փոխանցել զայն սերունդէ սերունդ։ Աշակերտութեան կողմէ երգուած Հ. Գթ. Խաչի քայլերգէն վերջ, Կրթական յանձնախումբի կողմէ խօսեցաւ պրն. Վարազդատ Քիւփճեան, որ վեր առաւ Հ. Գթ. Խաչի ըրած նիւթական զոհողութիւնը, ինչպէս նաեւ ուսուցչուհի տիկ. Մերի Մանուկեանի եւ իր արժանաւոր օգնականին՝ տիկ. Արմենուհի Աբելեանի աշխատանքը, որոնց շնորհիւ, ըսաւ, այսօր յիսունի մօտ հայորդիներ, կը խօսին եւ կը կարդան իրենց մայրենի լեզուն։ Իր գնահատանքը յայտնեց ուսուցչական կազմի տարած աշխատանքին համար եւ սրտագին կոչ ուղղեց բոլոր ծնողներուն, որ օժանդակեն անոնց դժուարին գործին, ընտանեկան յարկերէ ներս գոնէ հայերէն խօսելով իրենց զաւակներուն հետ։ Ապա գործադրուեցաւ մանկական սիրուն արտասանութիւններով, երգերով եւ պարերով ճոխ յայտագիր մը։ Տիկ. Մերի Մանուկեան կարդաց տեղեկագիր մը որմէ ի յայտ եկաւ թէ՝ դասաւանդութեանց կանոնաւորաբար հետեւած են մօտ 45 երկսեռ աշակերտներ, դասարանային բաժանումներով։ Աւանդուած են հայերէն լեզու եւ պատմութիւն։ Տեղեկագիրը եւ հանդէսը յստակօրէն կը պատկերացնէին ամբողջ տարեշրջանի ընթացքին ուսուցչուհիներու կատարած աշխատանքը եւ այն դժուարութիւնները որոնց դէմ պայքարած են ձեռք բերելու համար այս արդիւնքը, լսելով հայերէն յստակ առոգանութիւն փոքրիկներէ՝ որոնք օտար վարժարաններ կը յաճախեն եւ հետեւաբար զրկուած են տեւաբար հայկական միջավայրի մէջ ապրելու եւ հայերէն խօսելու պատեհութենէն։