Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Մայիսի վերջաւորութեան Երեւանի մէջ գումարուեցաւ Հայկական երգչախմբային ընկերութեան առաջին՝ հիմնադիր համագումարը: Երգահաններու, խմբավարներու եւ երաժշտագէտներու ներկայութեան ընկերութեան գործունէութեան մասին խօսած է ծանօթ խմբավար Թ. Ալթունեան, որ

միեւնոյն ատեն նախագահն է վերոյիշեալ ընկերութեան: 1959 Յունուարին հիմը դրուած է Հայկական երգչախմբային ընկերութեան, նպատակ ունենալով, ինչպէս դիտել տուած է զեկուցաբերը, զարգացնել խմբական երգար-ւեստը Հայաստանի մէջ: Ընկերութիւնը ներկայիս ունի յիսունէ աւելի տեղական խումբեր եւ երկու մասնաճիւղ՝ Լենինականի եւ Կիրովականի  (Գիւմրի եւ Վանաձոր) մէջ, երգի-պարի իրենց խումբերով:

- Էրզրումէն 11 Յունիս թուականով կը հեռագրեն Պոլսոյ թերթերուն. Յայտնի եղած է, որ Իսփիր գաւառակի Սարըքոնաք գիւղին մէջ կը գտնուի գանձ մը, որ կը պատկանի Ա. Աշխարհամարտէն առաջ այնտեղ բնակող հայերու: Մուրատ եւ Հալիթ անուն 2 անձեր Զմիւռնիայէն քաղաքս գալով՝ յայտնեցին, թէ այդ գիւղին մէջ գանձ կայ, եւ թէ՝ պեղումի արտօնութիւն ստանալու համար շահագրգռուողներուն դիմած են: Գանձ փնտռողներուն մաս կը կազմեն յիշեալ գիւղէն երկու անձեր, որոնք սկսած են պեղումի՝ լուսանկարելով Քիվիթ-Չիճի այգին եւ Թաշպաշը թաղը, ուր կը գտնուի գանձը: Շահագրգռուողներուն համաձայն, 2 միլիոն ոսկի արժողութեամբ դրամ եւ իրեղէն կը գտնուի այդտեղ:

- Պէյրութահայութիւնը ձեռնարկներու եղանակի փակումը կատարեց ՀՄԸՄ-ի տարեկան մեծ քերմեսով, որ այս անգամ եւս իր անթերի կազմակերպութեամբ եւ գեղարուեստական բաժինով արդարացուց ժողովուրդին ակնկալութիւնները: Ժողովուրդը խուռներամ բազմութեամբ եկաւ Ճեմարան, որուն դալարագեղ պարտէզներուն մէջ տեղի ունեցաւ յաջող գեղարւեստական յայտագիր մը։