Ֆիքսի Ազգային Միացեալ վարժարանի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ Յունիս 24-ի Կիրակին, Կաթողիկէ հայոց հաստատութեան սրահին մէջ։ Հակառակ հեղձուցիչ տաքին, սրահը ողողուած էր ստուարաթիւ հանդիսականներով։ Ներկայ էին՝ Յունահայ թեմի առաջնորդ գերշ. Տ. Սահակ եպս.
Այվազեան, կաթողիկէ հայոց առաջնորդ գերյ. Խանցեան, Կաթ. հայոց ժողովրդապետ՝ գերյ. Գոյունեան վարդապետ, Ուսումնական խորհուրդը, Թաղական խորհուրդը, Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ հոգ. հովիւ՝ արժ. Տ. Խորէն քհնյ. Միսաքեան, բարեսիրական, մարզական, հայրենակցական միութեանց ներկայացուցիչները։ Հանդէսին առաջին մասը գրաւած էին՝ Մանկարպարտէզի փոքրիկները, որոնք իրենց ուսուցչուհիին՝ տիկ. Շուշանի առաջնորդութեամբ, ներկայացուցին արտասանութիւններ, պարեր եւայլն։ Տարեշրջանի հունձքը՝ 15 շրջանաւարտներ ստացան իրենց վկայականները, ջերմօրէն ծափահարուելով ներկաներէն։ Հանդէսի երկրորդ մասը յատկացուած էր նախա- կրթարանին, որուն երգչախումբը, ղեկավարութեամբ պրն. Յ. Փափազեանի, երգեց մի քանի երգեր։ Արտասանութիւններ ըրին Անթառամ Պօղոսեան եւ Կարապետ Պօղոսեան։ Յաջորդեցին թատերական ներկայացում, հայկական պարեր։ Վարժարանի տնօրէն պրն. Օննիկ Զաքարեան վարժարանի պատկերը տուաւ։ Աշակերտաց թիւը եղած է 139։ 94-ը՝ նախակրթարանի եւ 45-ը՝ մանկապարտէզի մէջ։ Շնորհիւ Գարակէօզեան հաստատութեան աշակերտներու առողջապահական պատկերը կը բարելաւուի ինչպէս նաեւ Հ. Կ. Խաչի Շրջ. վարչութեան ամառնային կազդուրման կայանին, որմէ կþօգտուին ամէն տարի շուրջ 180 փոքրիկներ։ Վերջաւորութեան աւարտական կարգի աշակերտները՝ 3 աղջիկ եւ 6 տղայ ստացան իրենց վկայականները։ Ընթացաւարտներէն՝ Մկրտիչ Մանուկեան յուզումով արտասանեց ընթացաւարտ կարգի «Ուխտ»ը։ Ան՝ մեկնումի առիթով, իր եւ ընկերներուն կողմէ ուխտեց հաւատարիմ մնալ մեր ազգի սրբութիւններուն, լեզուին, եկեղեցւոյ, հայրենիքին եւ դրօշին։