Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Հ. Յ. Դ. Երիտասարդաց միութեան Ֆիքսի «Արշալոյս¬Ջամալեան» խումբը շարունակելով իր գործունէութիւնը, վերջերս կազմակերպեց միջանդամական հաւաքոյթ մը «Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան» նորակառոյց վարժարանի սրահին մէջ։ Որոշեալ ժամուն սրահը արդէն իսկ լեցուած էր։

Ներկայ էին՝ խումբի անդամ¬անդամուհիներէն զատ Հ. Յ. Դ. Երիտ. միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը, Շինութեան Յանձնախումբի անդամներ, ինչպէս նաեւ Գոքինիոյ եւ Աթէնքի Երիտասարդաց խումբերու վարչութիւնները։ Հաւաքոյթը բանալով խումբի գործավար ընկ. Խաչիկ Աղապապեան իր ուրախութիւնը յայտնեց որ վերջապէս երազը իրականացած է եւ այսօր առիթը կը տրուի բոլորիս ներկայ գտնուելու այս շէնքին մէջ կազմակերպուած անդրանիկ ձեռնարկին։ Շէնքը արդէն իսկ պատրաստ է ու բոլորին անխտիր պարտականութիւնն է կառուցանելու նաեւ մեր ոգեկան հայրենիքը այս շէնքէն ներս։ Ընկեր նախագահի բացման խօսքերը ողջունուեցաւ ջերմ ծափահարութիւններով։ Ապա՝ գեղարուեստական բաժնին մաս կազմեցին, ընկ. Գրիգոր Գզրեան եւ Պետրոս Պարսամեան, ընկ. Հռիփսիմէ Եորղանճեան եւ «Արշալոյս¬Ջամալեան»ի խումբի աղջկանց պարախումբը, որ հայկական պարով մը փակեց հաւաքոյթի գեղարուեստական մասը։ Ապա խօսք առաւ խումբի ներկայացուցիչ ընկ. Վռամ Թերզեան, որ ներկայացուց խումբի ապագայ գործունէութիւնը։ Յաջորդաբար խօսք տրուեցաւ նաեւ Հ. Յ. Դ. Երիտ. Միութեան Կեդր. վարչութեան փոխ ատենապետ ընկ. Մանուկ Մանուկեանին ու Շինութեան յանձնախումբի գանձապահ ընկ. Օննիկ Օննիկեանին, որոնք իրենց գոհունակութիւնը յայտնեցին ներկայի եւ ապագայի նկատմամբ։ Հաւաքոյթը շարունակուեցաւ եւրոպական պարերով։ Հարիւրի մօտ ներկաները հիւրասիրուեցան խումբի անդամուհիներուն կողմէ պատրաստուած աղանդերներով։ Ուշ գիշերին, ընկ. նախագահը փակեց ձեռնարկը «Յառաջ նահատակ»ով։