Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Գոքինիոյ «Զաւարեան» վարժարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային եւ Զաւարեան միացեալ վարժարաններու ամավերջի հանդէսը։ Ներկայ էր ծնողներու հսկայ բազմութիւն մը։ Ներկայ էին նաեւ՝ գերշ. առաջնորդ սրբազան հայրը, Աթէնքի հովիւ Տէր Ներսէս Ա. քհնյ. Խոշորեան, Գոքինիոյ հովիւ Տէր

Մատթէոս քհնյ. Բարաղամեան, Ազգ. Կերդ. վարչութիւնը, Գարակէօզեան Հաստատութեան տնօրէնութիւնը, Թաղային խորհուրդը եւ Հայրենակցական միութիւններու վարչութիւնները։ Մանկապարտէզի փոքրիկները հետընտիր ոտանաւորներ արտասանեցին, գեղեցիկ երգեր, պարեր եւ մենախօսութիւններ ըրին եւ արժանացան ներկաներու բուռն ծափահարութեանց։ Այս տարի Մանկապարտէզը տուաւ 13 շրջանաւարտներ։ Դադարի ընթացքին, զոյգ վարժարաններու տնօրէն պրն. Սօս¬Վանի տուաւ տեղեկութիւններ, որոնցմէ ի յայտ եկաւ որ, այս տարեշրջանին եւս Ամերիկայի ՀՕՄ¬ի Շրջ. վարչութիւնը, Հայ կրթական հիմնարկութիւնը, Յունաստանի Հայ Կ. Խաչի Շրջ. վարչութիւնը, ինչպէս նաեւ Գարակէօզեան հաստատութիւնն ու Գոքինիոյ Թաղային խորհուրդը, մօտէն հետա- քրքրուած են վարժարաններով։ Գարակէօզեան հաստատութիւնը այս շրջանին եւս լայն աջակցութիւն բերած է առողջապահական գետնի վրայ։ Այսպէս, տղոց աչքերը եւ ակռաները քննել տալով զանոնք խնամած է նաեւ կաթի բաշխում, եւ բժշկական ընդհանուր քննութիւն։ Խնամատարական մարմնի տարած ջանքերուն շնորհիւ, վարժարանի աշակերտութիւնը այս տարի ստացած է անձ գլուխ օրական կէս քիլօ ճերմակ հաց եւ պանիր, տրամադրուած՝ Միջազգային Եկեղեցական կազմակերպութեան կողմէ։ Հանդէսի երկրորդ մասը յատկացուած էր նախակրթարանին։ Պատրաստուած էր գեղարուեստական յայտագիր եւ կազմուած էր քառաձայն երգչախումբ, շնորհիւ՝ պրն. Յակոբ Փափազեանի ջանքերուն։ Ազգ. Կեդր. վարչութեան ատենապետ պրն. Ներսէս Յակոբեան թելադրեց ընթացաւարտները ըլլայ միշտ արթուն  եւ խոհեմ, պատրաստ ծառայելու ազգին եւ հայրենիքին։ Առաջնորդ սրբազան հայրը խօսքը ուղղելով անոնց, թելադրեց չմոռնալ իրենց դպրոցը, լեզուն եւ եկեղեցին։