Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Անգլիական «Պըրմինկհամ Փոսթ» թերթին Անգարայի թղթակիցը չափազանց մութ գոյներով կը ներկայացնէ Թուրքիոյ Արեւելեան Նահանգներու կացութիւնը։

Սով կը տիրէ մասնաւորաբար լեռնային շրջաններուն մէջ եւ վախ կայ որ մօտաւոր յառաջիկային սովի ապառնալիքը տարածուի ամբողջ Թուրքիոյ մէջ։ Թուրք պաշտօնական շրջաննակները կը խոստովանին թէ՝ վտանգը շատ լուրջ է։ Եթէ անմիջական եւ կտրուկ միջոցներ ձեռք չառնուին, երկրի բոլոր շրջանները պիտի մատնուին անօթութեան։ Արեւելեան Անատոլուի շրջաններուն մէջ միլիոնաւոր մարդիկ եւ կենդանիներ կրնան կորստեան մատնուիլ, եթէ հարցի լուծման համար ծրագիր մը գործադրութեան չդրուի։ Կարսի, Էրզրումի, Երզնկայի եւ Աղրըլի շրջաններու մէկ միլիոն բնակչութիւնը սովի դէմ յանդիման կը գտնուի։ Երեք միլիոն մսացու կենդանիներ, ուտելիքի պակասէն կը սատկին։ Վերոյիշեալ շրջաններուն մէջ, ուր մարդիկ միայն հացով կþապրին, ցորենի պակասին պատճառով, սկսած են վայրի խոտերով սնանիլ։ Պետութեան կողմէ տրամադրուած սերմնցուն գիւղացիք հացի համար գործածած ու սպառած են։ Արեւելեան նահանգներէն գաղթնի հոսանք մը սկսած է դէպի Արեւմտեան Թուրքիա։ Մասնաւորաբար դէպի Պոլիս եւ Իզմիր, ուր սակայն, կացութիւնը այնքան ալ լաւ չէ։ Անգործութիւն կը տիրէ եւ ճարտարարուեստական ձեռնարկներ կը կրճատեն իրենց աշխատաւորներուն թիւը։ Գաղթող գիւղացիները, յուսահատ, կը վերադառնան իրենց գիւղերը։ Այս մարդոց տառապանքը մեղմելու համար, թուրք կառավարութիւնը որոշեց 50 միլիոն թրքական ոսկիի վարկ մը տրամդրել անոնց, ինչպէս նաեւ ցորեն, խտացած կաթ եւ այլ ուտեստեղէններ ուղարկել սովահար շրջանները։ Դիմագրաւելու համար այս վատթար կացութիւնը, թուրք կառավարութիւնը կը մտածէ նոր միջոցներու մասին, - զարկ տալ հողագործութեան, հողերու ոռոգումին եւ պարարտեցուցիչներու ներածումին։