Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Հայ ժողովուրդի պատմութեան նուիրուած ցուցահանդէս մը կազմակերպած է Հայաստանի պետական պատմական թանգարանը՝ ի յիշատակ Մեսրոպ Մաշտոցի ծննդեան 1600-ամեակին։

Մօտ 20 ցուցափեղկեր յատկացուած են նախահայկական պատմութեան։ Նախնադարեան Հայաստանի պատմութիւնը կը սկսի քարի դարէն՝ շուրջ 800 հազար տարի (Ք. ա.)։ Ցուցադրուած են Նուռնուս գիւղէն, Արտին (Բողութլու) լերան լանջերէն եւ այլ վայրերէ գտնուած եւ պեղուած քարէ գործիքներու գրչանկարները։ Այնուհետեւ յաջորդաբար ցուցադրութեան դրուած են նոր քարի դարու եւ պղինձի դարու արժէքաւոր իրերուն գունաւոր նկարները։ Ինչպէս յայտնի է, անագապղինձի շրջանի հնավայրեր գտնուած են Կիրովականի, Սեւանի աւազանին։ Քանի մը ցուցափեղկեր կը խօսին Արտաշիսեան թագաւորութեան պատմութեան մասին Արտաշատի աւերակներուն, բերդերու, պարիսպներու մնացորդներու լուսանկարները։ Ներկայացուած է Տիգրան Մեծի Հայաստանի ընդարձակ քարտէսը։ Արտաշատի հայկական թատրոնին գունաւոր նկարը փաստ մըն է, թէ որքան յառաջ գացած էր հայ արուեստը հելլենական ազդեցութեան տակ։ Գտնուած են Տիգրան Բ.ի եւ Արտաւազդ Բ.ի կտրած դրամները՝ իրենց պատկերներով, յունարէն մակադրութեամբ։  Ցուցահանդէսին մէջ մեծ տեղ յատկացուած է Արշակունիներու ժամանակաշրջանը։ Հետաքրքրական են հայ գրերու գիւտին նուիրուած ցուցափեղկերը՝ Մաշտոցի, Վռամշապուհ թագաւորի, Սահակ Պարթեւի եւ Աւարայրի ճակատամարտի պատկերներովը։ Ցուցադրուած է Ա. -Է. դարու մեր մշակոյթը։ Առանձին ցուցափեղկ մը յատկացուած է Մովսէս Խորենացիի, Անանիա Շիրակացիի գործերուն։ Ցուցադրուած է նաեւ միջնադարեան Հայաստանի ճարտարապետութիւնը։ Ամբողջական համայնապատկերներով ներկայացուած են Դուինի եւ Անիի յուշարձանները։ Բագրատունեաց շրջանի ներքին եւ արտաքին կեանքը եւս իր պատկերացումը գտած է ցուցահանդէսին մէջ։ ԺԵ. ¬ ԺԹ. դարերուն հայ ժողովուրդը կը շարունակէ իր պայքարը ի խնդիր իր ազատութեան։ Զանազան նկարներ, ինչպէս, օրինակ, Զէյթունի 1862-ի ըմբոստութիւնը ցոյց տուող, կը խօսին այդ շրջանի դէպքերու մասին։