Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Թղթատարութեան նախարարութիւնը հրապարակ հանած է Մեսրոպ Մաշտոցի դիմանկարով, հայկական այբուբենով եւ 1600-1962 թուականներով զարդարուն գունաւոր նամակադրոշմ մը։

Հայ դպրութեան հիմնադիրին ծննդեան 1600-ամեակին առթիւ կազմակերպուած պաշտօնական հանդիսութիւններու շարքին, բացումը կատարուած է Օշական գիւղի Մեսրոպ Մաշտոցի յուշարձանին-կրանիտեայ տասը մեթրանոց երկու սիւներ, բաց գիրքի մը տեսքով։ Անոնցմէ մէկուն երեսին խորաքանդուած է մեր այբուբենը, իսկ միւս երեսին վրայ գրուած է հետեւեալ մակագրութիւնը.- «Եւ այր մի Մեսրոպ Մաշտոց, պատմական դժբախտ մի պահի իր հայրական աչով ծնեց մեր նորոգ եւ սքանչելի այբուբենը, որ իրաւամբ կոչւում է Մեսրոպեան։ Իր ժողովուրդի զաւակը՝ նա դարեր շարունակ հայրութիւն արեց, մինչեւ որ նորոգ եւ սքանչելի այլ օրեր եկան, երբ ժողովուրդն է հարութիւն անում իր մեծագոյն զաւկին երախտագիտութեամբ եւ հպարտութեամբ»։ Յուշարձանին հեղինակն է երիտասարդ քանդակագործ Ջ. Թորոսեան։

Անգլիական կառավարութիւնը որոշած ըլլալով Յուլիս 1-էն սահմանափակել Հասարակապետութեան երկիրներէն Անգլիա ներգաղթողներու թիւը, վերջին օրերու ընթացքին, հարիւրաւոր կիպրացիներ զանգուածային կը մեկնին դէպի Անգլիա։ Նմանապէս, հարիւրաւոր հայեր, որոշեցին ներգաղթել ռուսական Հայաստան։

Էգէական ծովու շրջանին մէջ, կատաղի հող-մամրրիկներու եւ կարկուտի հետեւանքով շատ մը քաղաքացիներ մահացան։ Փոթորիկները մեծ վնասներ ալ հասցուցին։ Միւս կողմէ ողողումներու հետեւանքով տասնեակներով տուներ քանդուեցան եւ հազարի մօտ կենդանիներ քշուեցան։