Հալէպի Քարէն Եփփէ ճեմարանի ամավերջի հանդէսին կարդացուած տեղեկագիրէն կը քաղենք հետեւեալ լուրերը, որոնք ցոյց կու տան, թէ

կրթական այս տիպար հաստատութիւնը արձանագրած է զգալի նուաճումներ: Նախանցեալ տարեշրջանի համեմատութեամբ, աշակերտութեան թիւը կրած է որոշ յաւելում մը: Անցնող շրջանին աշակերտութեան ընդհանուր թիւը եղած է 325: Գիշերօթիկներու թիւն է 38: Ճեմարանի տարեկան պիւտճէն բարձրացած է 167 հազար սուրիական ոսկիի, որուն կէսը գանձնուած է աշակերտութենէն, մնացեալը՝ բարեկամներէ, զանազան միութիւններէ եւ ձեռնարկներէ: Այս շրջանին պիւտճէն ունեցած է 23 հազար ոսկի բաց: Քարէն Եփփէ ճեմարանը կանոնաւոր կապ պահած է Կրթական տնօրէնութեան հետ, անկէ ստացած հրահանգներուն եւ թելադրանքներուն համաձայն ուղղութիւն տալով վարժարանին: Պետական քննիչներ իրենց գոհունակութիւնը եւ հիացումը յայտնած են Ճեմարանի ուսումնական եւ բարոյական կառոյցին համար:


Ազդանշանը տուաւ Քրեմլինի մենատէրը: Շրջանաւարտ սպաներու ամավերջի հանդիսութեան ընթացքին ճառ մը արտասանելով՝ ծանուցեց երկու ծանրակշիռ լուրեր. ա) Խորհըրդային կառավարութիւնը հրահանգ տուած է ազգային պաշտպանութեան նախարարութեան, որպէսզի դադրեցնէ 1961-ի համար նախատեսւած զօրացումը: բ) Որոշուած է նոր վարկեր յատկացնել՝ զինուորական պատրաստութիւններու: «Որովհետեւ Խորհրդային կառավարութիւնը չի կրնար անտես թողուլ Խորհրդային ժողովուրդին ապահովութիւնը»: Խրուշչեւի այս  յայտարարութիւնները ցնցեցին արեւմտեան աշխարհը, եւ առաջին հերթին՝ Միացեալ Նահանգները:  Հազիւ 24 ժամ անց, Ամերիկա հակազդեց: Նախագահ Քենետիի հրահանգով տասնհինգ օր պայմանաժամ տրուեցաւ Փենթակոնին ամերիկեան ուժերը վերգնահատման են թարկելու: