Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Օդային գծով Թեսաղոնիկէ ժամանեց գաղութի բարեխնամ առաջնորդ՝ գերշ. Տ. Սահակ Ս. եպիսկոպոս, ընկերակցութեամբ համայնքի Ազգ. իշխանութեան ատենապետ ընկ. Ռուբէն Գալֆայեանի։

Սրբազան հայրը, օդանաւակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ Ազգ. իշխանութեան եւ միութեանց ու կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներուն կողմէ, որոնց ընկերակցութեամբ ուղղուեցաւ եկեղեցի, ուր կարճ արարողութենէ մը վերջ, առաջնորդարանի դահլիճին մէջ ընդունեց բազմաթիւ ազգայիններ, որոնց հետ խօսակցութիւններ ունեցաւ ազգային զանազան հարցերու շուրջ։ Կիրակի առաւօտ, շրջանի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, Հոգեգալստեան տօնին առթիւ, տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր պատարագ, խուռն բազմութեան մը ներկայութեան։ Պատարագի վերջաւորութեան՝ սրբազան հայրը խօսեցաւ հոգեշունչ եւ ազգաշունչ քարոզ մը, որ մեծապէս տպաւորեց բոլոր հաւատացեալները։ Տեղական հելլէն մամուլը հաղորդած ըլլալով սրբազան հօր ժամանումը եւ անոր մատուցանելիք պատարագը, բազմաթիւ հելլէն մտաւորական անձնաւորութիւններ փութացած էին եկեղեցի՝ լսելու համար պատարագը։ Սրբազան հօր Թեսաղոնիկէ մնացած երեք օրերը եղան արդիւնաւոր։ Ան պաշտօնական այցելութիւններ տուաւ եւ զբաղեցաւ ազգային եւ եկեղեցական զանազան հարցերով, տալով համապատասխան լուծումներ։

Քուէյթի կառավարութիւնը ընդառաջելով հայ գաղութի դիմումին, արտօնած է հայկական եկեղեցիի մը կառուցումը՝ ընդարձակ հողամասի մը վրայ։ Քուէյթի գաղութը, իր մէջ կը հաշուէ վեց հազար հայեր, եւ կապուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան։

Վենետիկի Պիէննալէի ամերիկեան տաղաւարին մէջ ցուցադրուած են Արշիլ Կորքիի (Ոստանիկ Ատոյեան) գործերը։ Այս տարուան սկիզբները, Կորքիի 15 արժէքաւոր գործերը փճացած էին, երբ Ամերիքըն Էրլայնզի ճէթերէն մէկը Նիւ Եորքի վերեւ խորտակուած էր։ Կորքիի գործերէն մաս մըն ալ փճացած էր՝ իր աշխատանոցին մէջ ծագած հրդեհին հետեւանքով։